2013-01-07 12:41:16

Եւրոպայի Եւ Հիւիսային Ամերիկայի Եպիսկոպոսները Զօրավիգ Են Ս. Երկրի Քրիստիոնեաներուն։


Յունուար 5-10 Գանատայի, Սպանիայի, ԱՄՆի Անգլիոյ, ֆրանսայի ինչպէս նաեւ Իսլանտայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ ուխտագնացութիւն կը կատարեն Ս. Երկիր ուր խորհրդակցական ժողով կը գումարեն Բեթղեհէմի մէջ, համակարգելու համար իրենց նպաստները Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն, որոնք միշտ փորձուած են ս. Երկրէն գաղթելու ի տես Միջին Արեւելքի անկայուն կացութեան։
Յայտնենք որ կաթողիկէ եկեղեցին ամէն տարի մեծ օգնութիւններ կը սահմանէ ս. Երկրի քրիստոնեաներուն։
6-7 Յունուարին եպիսկոպոսները Յորդանան կ'այցելեն հանդիպումներ ունենալու իրաքցի ու սուրիացի փախստականներուն հետ։Անոնք կացութենէն տեղեակ կը պահուին Երուսաղէմի լատին պատրիարք գերերջանիկ Թուալ պատրիարքէն ու առաքելական դեսպան գերապայածռ Լածառոդոյէն։
Անոնք նաեւ տեսակցութիւն պիտի ունենան ափրիկէցի փախստականներու, Փիլիփփեացի բանւորներու եւ քրիստոնեայ բանտարկեալներու հետ։ Ուխտագնացութեան վերջին օրը` 10 յունուարին, եպիսկոպոսները համապատարագ կը մատուցանեն Երուսաղէմի սուրբ Թաղման տաճարին մէջ եւ ապա պատրիարքարանին մէջ մամլոյ ասուլիս մը կը ներկայացուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.