2013-01-07 12:48:48

Ամերիկեան ՀԲԸՄը Աւելի Քան 700,000 Տոլար Կը Հանգանակէ Սուրիահայութեան Օգնելու Համար։


ՀԲԸՄը իր հեռաձայնային ու համացանցային հանգանակութեամբ ցարդ աւելի քան 700,000 տոլար հաւաքած է սուրիահայութեան օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակին համար՝ միութեան արդէն իսկ տրամադրած մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութեան կողքին:
Այս նուիրահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, որոնք 100,000 տոլար յատկացուցած են:
Սուրիոյ տագնապին պատճառով օժանդակութեան կարիք ունեցող հազարաւոր հայ ընտանիքներու օգնելու կողքին, ՀԲԸՄը օժանդակութիւն կը տրամադրէ նաեւ Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած մօտաւորապէս 7000 հայորդիներուն: Այս նպատակով, Երեւանի մէջ կազմուած 11 հոգինոց յանձնախումբը ցարդ 135,000 տոլարի օժանդակութիւններ բաժնած է:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքին կողքին, նպաստներ կը տրամադրուին նաեւ Լիբանան հասած սուրիահայերուն: Այս նպատակին մեծապէս նպաստած է Մանուկեաններու նուէրը:

Այս աշխատանքներուն ի նպաստ նուիրատուութիւն կատարելու համար, դիմել (855) 243-2428 թիւին կամ http:// donate.agbu.org/agbu-urgent-appeal հասցէին:








All the contents on this site are copyrighted ©.