2013-01-06 12:23:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան Տօնի Սուրբ Պատարագը։


Կիրակի 6 Յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Արբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան Տօնին Սուրբ արարողութիւնը որուն ընթացքին օծեց նոր չորս եպիսկոպոսներ, յանձինս ` Իտալացի Գերապայծառ Վինչէնցօ Ծանիի, ''կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի'' կառավարիչ, Նիկերեացի Գերապայծառ ֆորդունադուս Նուաչուքւուի, Նիքարակուայի առաքելական նուիրակ, ֆրանսացի Գերապայծառ Նիքոլաս Թէվէնինի, Կուաթեմալայի առաքելական նուիրակ եւ Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյնի, Սրբազան Քահանայապետի յատուկ քարտուղար եւ Քահանայապետական տան կառավարիչ։

Արարողութեան ընթացքին իր արտասանաած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատացեալ ու աղօթող եկեղեցւոյ համար, աստղի առաջնորդութեամբ Արեւելքէն եկած մոգերը որ դէպի Բեթղեհէմի մսուրը տանող ճամբան գտան միմիայն սկիզբն է մեծ երթի մը որ համայն պատմութիւնը կ՛ընդգրկէ։ Եկեղեցին այս տօնը կոչած է Աստուածայայտնութիւն` Յայտնութիւն Աստուծոյ ողորմութեան ու Անոր սիրոյն մարդոց հանդէպ։
Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ ինչպէս երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապտի օրով սկսած աւանդութեան համաձայն այս օրուայ ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ու ապա ընդգծեց դէպի Յիսուս ընթացող ազգերու ուխտագնացութեան ու եպիսկոպոսական օծումի միջեւ գտնուած սերտ կապը. Եպիսկոպոսը - ըսաւ Ան- պարտականութիւնը ունի ոչ միայն միւսներուն հետ մասնակցելու ուխտագնացութեան, այլ նաեւ առաջնորդելու զանոնք։ Սրբազան Հայրը ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց մոգերու վրայ զանոնք ներկայացնելով որպէս մարդիկ որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէին` Աստուած կը փնտռէին, ու ապա խօսեցաւ եպիսկոպոսի դերին մասին որ -ըսաւ Ան - մոգերու նման հարկ է որ մտատանջումով նային Աստուծոյ։ Եպիսկոպոսը ըլլալու է հաւատքի մարդ որովհետեւ հաւատքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծմով ներքին ոգեւորում` պայման մը որ մեզ կ՛առաջնորդէ կեանքի ճանապարհի վրայ։
Այս ուխտագնացութեան ընթացքին եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ այ անձը որ մարդոց ցոյց կու տայ հաւատքի, սիրոյ ու յոյսի ճամբան։ Սրբազան Հայրը հուսկ խօսեցաւ ներկայ աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ հաւատքի ապրումի մասին որ շատ անգամ - ըսաւ Ան - հակառակ է մեր ժամանակաշրջանի գերիշխող կարծիքներուն։
Անգիտապաշտութիւնը լայնօրէն տարածուած է եւ Եպիսկոպոսը քաջութեամբ դիմագրաւելու է անոր գերիշխող ուղեցոյցերը մնալով ճշմարտութեան մէջ։ Մոգերը հետեւեցան աստղին եւ հասան Յիսուսին որ ամէն անհատ լուսաւորող Լոյսն է։ Որպէս հաւատոյ ուխտաւորներ. մոգերը իրենք եւս դարձան աստղեր որ պատմութեան երկինքի մէջ կը շողշողան եւ ցոյց կու տան ճանապարհը։
Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակելով - այս մէկը կը վերաբերի մասնաւորապէս ձեզի որ Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրուիք։ Եթէ ապրիք Քրիստոսի հետ ուրեմն դուք ալ կը դառնաք իմաստուններ։ Կը դառնաք աստղեր որ մարդիկը կ՛առաջնորդեն ու անոնց ցոյց կու տան կեանքի ուղիղ ճանապարհը։ Կ՛աղօթենք ձեզի համար որպէսզի Տէրը ձեզի պարգեւէ հաւատքի խոնարհութիւնն ու քաջութիւնը։ Աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամը որ մոգերուն ներկայացուց աշխարհի նոր Թագաւորը որպէսզի, ձեզի ալ ցոյց տայ Յիսուս Քրիստոսը եւ ձեզ օգնէ ըլլալու դէպի Անոր տանող ճանապարհի ցուցիչներ։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.