2013-01-06 12:30:53

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 6 Յունուար 2013-ի ժամը 12,15 անց, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ գլխաւորած արարողութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն ընթացքին խօսեցաւ օրուան տօնակատարութեան` Աստուածայայտնութեան տօնին մասին ակնարկելով նաեւ թէ Արեւելեան կարգ մը եկեղեցիներ այսօր կը տօնեն Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Այս երկու տօները մեզի կը յայտնեն թէ Բեթղեհէմի քարայրի մէջ ծնող Մանուկը աշխարհի լոյսն է որ կ՛ուղղէ բոլոր ազգերուն քայլերը - ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Պետրոսի մէջ կատարուած եպիսկոպոսկան օծումի արարողութեան ու ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն նորօծ եպիսկոպոսներու առաքելութեան համար։
Սրբազան Հայրը ապա շնորհաւորական խօսք ուղղեց արեւելեան եկեղեցիներու հաւատացելներուն ըսելով ''հաւատքի միեւնոյն ուրախութեան մէջ անոնց կ՛ուղղեմ իմ ամէնաջերմ խաղաղութեան մաղթանքներս ու զանոնք կը յիշեմ աղօթքներուս մէջ''։
Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ-ը զանզան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու բոլորին մաղթեց բարի տօնակատարութիւն ու Շնորհաւորեց նոր տարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.