2013-01-05 12:32:16

Նոր Տարուայ Առիթով Նիւթական Օգնութիւն Հասած՝ Հալէպահայութեան։


Սուրիոյ մէջ Նոր Տարին դիմաւորուած է առանց լոյսի, յատկապէս Գամիշլիի մէջ ողջ օրուան ընթացքին տուներուն մեծ մասը ընդամէնը երկու ժամ միյան ելեկտրականութիւն ունեցած է եւ ժողովուրդը Նոր Տարին դիմաւորած է մութի մէջ, առանց կենցաղային պայմաններու եւ նոր տարուայ ճոխ սեղանի, բայց այնուամենայնիւ լաւատեսութեամբ, որ յաջորդ տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ քան նախորդը։
«Հալէպահայ Օգնութեան Շտապը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով կարիք ունեցող հայ ընտանիքներուն, բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին շտապին, յատկացուցած է նիւթական օժանդակութիւն` հիմնուած ընտանեկան տետրակին վրայ իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրելով 4000 սուրիական ոսկի ( մօտ 50 տոլար )։
Նշենք, որ Հալէպի մէջ մէկ շիշ կազը միայն կ’արժէ 5000 ս.ո. :








All the contents on this site are copyrighted ©.