2013-01-05 12:31:03

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Իր Կարելին Կ՛ընէ Սուրիահայութեան Օժանդակելու Համար։


Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան տարած աշխատանքին ամփոփումը կատարելով՝ յայտնած է, որ 2012ը ծանրաբեռնուած տարի էր: 4ամեայ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամն էր, որ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ շունչ առնելու ժամանակ չկար: Սուրիահայերուն խնդիրը դարձած էր հիմնական հարց: Օրական դրութեամբ շուրջ 30 սուրիահայեր կ՛ընդունուէին նախարարութեան կողմէ։ Նախարար Յակոբեան վստահեցուցած է, որ իրենք առաւելագոյնը կատարած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ օգնեն սուրիահայերուն։ Ան շեշտած է, որ բոլոր աշխատակիցներուն զգուշացում յղուած է, որ եթէ սուրիահայ մը բողոքէ նախարարութեան ոեւէ աշխատակիցի դէմ, վերջինը իսկոյն գործէ կ՛արձակուի։ 2013ի առաջնահերթութիւններուն կարգին սուրիահայերուն հարցերը կը շարունակեն հիմնական մնալ, նաեւ աշխատանք պիտի տարուի իրաքահայերուն եւ սփիւռքահայերուն համար։
Նախարարութիւնը մանրադիտակի տակ պիտի պահէ այլադաւան հայերուն հարցը: Անոնց հետ աշխատանքը արդիւնաւէտ եղած է, շատեր մկրտուած են Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: 2013ին պիտի կատարելագործուի Սփիւռք ամառնային դպրոցը: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ աւելի յաճախակի կերպով պիտի հաւաքուին լաւագոյն մասնագէտները, ու պիտի կազմակերպուին համաժողովներ ,Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան ամէնէն լուրջ ծրագիրներէն մէկը կը նկատէ «Արի տուն»ը: Ըստ անոր, անիկա հայապահպանութեան եւ հայրենադարձութեան մեծագոյն ծրագիրն է: Այս տարի աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր «տուն պիտի կանչուին»:
Նորութիւն է այն, որ 2013ին սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի սկսի «Հայերն առանց ծխախոտի» նոր ծրագիրի մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.