2013-01-05 12:40:52

Թուրքիոյ Խորհրդարանականները Կը Վիճին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին.


Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս անօրինակ վէճ մը տեղի ունեցած է, (կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը իր Յունուար 3ի թիւին մէջ) : Վէճը այն մասին էր, թէ ով էր հայերու սպանդի պատասխանատուն՝ 1915ին:
«Ձեր պատմութիւնը ջարդի պատմութիւն է: Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ինչպէս սպաննուեցան մեծ հայրերը անոնց, որոնք այսօր կը պայքարին», յայտարարած է Մուշ քաղաքի Պատգամաւոր Սըրրը ՍԱՔԸՔ ՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութեան կուսակցութենէն:
Իսկ Թուրքիոյ ՝՝Ազգայնական Շարժում՝՝ կուսակցութեան անդամներէն, Թուրքիոյ Պատմական ընկերակցութեան նախկին վարիչ(հայերու ծանօթ) Եուսուֆ Հալաճօղլու մտնելով վէճին մէջ, խօսքը ուղղելով խորհրդարանի քիւրտ անդամներուն՝ յայտնած է. «Ուրեմն անկեղծօրէն ըսէք ինծի, եւ ես իմ կարգիս ձեզ ցոյց պիտի տամ բոլոր առնչուող փաստաթուղթերը, թէ ով սպաննեց հայերը»:
Խորհրդարանի այլ անդամներ անդրադարձան քիւրտերու դէմ կատարուած ջարդերուն, մինչ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան անդամներ հակաճառեցին, ամբաստանելով քիւրտ մարտիկները՝ իբրեւ թուրքերու դէմ գործուած սպանութեանց հեղինակներ, պնդելով, որ թրքական պատմութիւնը մաքուր է եւ որեւէ ցեղասպանութիւն չէ եղած:








All the contents on this site are copyrighted ©.