2013-01-05 13:15:28

Գերապայծառ Ճամբիէդրօ Տալ Թոզօ Մամուլին Կը Ներկայացնէ Սրբազան Քահանայապետին Մարդասիարական Օգնութիւններու Տարուայ Հաշուեկշիռը։


2012 տարուան ընթացքին երկրագունդի վրայ տեղի ունեցան 388 զինեալ ընդհարումներ, որոնցնէ 20ը ծանրակշիռ եղած են, 69 աղէտալի տագնապներ եւ 41 սրտայոյզ կոչեր։Թիւեր որոնք կը ներակայացնեն ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմնի կատարած եղբայրօգնութեան միջամտութիւնները, ամոգելու համար ժողովուրդներու տառապանքը, յայտնեց գերապայծառ Ճամբիէդրօ Տալ Թոզօ` քարտուղարը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմինին, պատասխանելով Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի հարցումներուն։
Անցնող տարւոյն ընթացքին Քահանայապետի բարեսիրական մարմինը իր միջամտութիւնը բերաւ Սուրիա, Լիպիա, Պանկլատէշ, հարաւային Սուտան, Պոլիվիա, Բարակուէյ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, ըսաւ գերապայծառ Թոզօ։ Ան մատնանշեց որ 2012 տարին շատ նաշանակալից եղաւ ըլլայ մարդասիրական գետնի վրայ եւ ըլլայ միջազգային Գարիթասի վերակազմութեան գծով։ Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոր կարգավիճակ ու կանոնագրութիւն տուաւ միջազգային Գարիթասին, համախմբելով ազգային բոլոր մարմինները համադաշնակցային նոր մարմնի մը մէջ որուն աթոռը հաստատուած է Վատիկանի մէջ, բարեպատեհութիւն տալով ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմինին ամէն տեղ գտնուելու ու գործելու Սրբազան Քահանայապետի անունով։
Յայտնենք որ 2013-ին ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմինը կարեւոր երկու հանդիպումներ կը նախատեսէ. առաջինը` լիանիստ ժողով 17-19 յունուարին` ''քրիստոնեական մարդաբանութիւնը եւ համաշխարհային նոր բարոյականութիւնը'' նիւթին մասին։ Եկրորդ հանդիպումը` 4-5 մարտ, բանակցելու համար ''եղբայրօգնութեան աստուածաբանութիւնը ու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը'' նիւթին շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.