2013-01-05 12:43:03

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն Շնորհաւորական Նամակը՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ուրբաթ 4 յունուարին, շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսէն, սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ Ամանորի տօներու առթիւ։ Նամակին մէջ, Գարեգին Բ. վեհափառը իր շնորհաւորութիւններն ու բարի մաղթանքները կը փոխանցէ Հոգեւոր Տիրոջ, յուսալով որ Աստուծոյ խաղաղութեան շնորհները սփռուին ամբողջ աշխարհի ծագերուն եւ խաղաղ ու արդար լուծումներ յառաջանան շրջանի տագնապներուն ու դժուարութիւններուն, մանաւանդ սուրիահայութեան պարագային։ Վեհափառը կը հայցէ, որ ամենախնամ Տէրը զօրավիգ կանգնի եւ իր սուրբ աջ հովանիին տակ պահէ եւ հզօրացնէ հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, շնորհելով Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին քաջառողջ արեւշատութիւն եւ մշտանորոգ յաջողութիւններ։ ‎








All the contents on this site are copyrighted ©.