2013-01-05 12:45:38

Բալանիշ Գիւղի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին Հիմնովին Վերանորոգուած։


Թաւրիզ – Ուրբաթ 4 Յունուար 2013-ին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ Տէր Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, այցելեց Ուրմիայէն 25 քլմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Բալանիշ գիւղը, որ նշանաւոր է իր 17-րդ դարէն մնացած Ս. Յովհաննէս Եկեղեցիով: Թեմակալ Առաջնորդին կÿընկերային Պատգամաւորական Ժողովի փոխ-ատենապետ՝ Փայլակ Սահակեան, փոխ-ատենադպիր՝ Վահիկ Բայրամեան, եւ Ուրմիոյ Գործակալական Խորհուրդի անդամ՝ Մանասէր Մուրատեանս:
Անցեալ տարուան ամրան, եկեղեցին վերանորոգուեցաւ, իբրեւ միակ յիշատակը յիշեալ գիւղի հայաշատ կեանքին: Եկեղեցւոյ առաջին վերանորոգութիւնը կատարուած էր 29 տարիներ առաջ, երբ հողաշէն ու փայտածածկ փլատակ կառոյցը հիմնովին վերանորոգուելով, աղիւսաշէն դարձած է, միայն զանգակատան երկյարկ կառոյցի միջին մասը գերանաշէն պահելով: Առաջին այս վերանորոգութեան աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են, նոյն գիւղի զաւակներ՝ Մանասէր Մուրատեան, Արմենակ Աւանէսեան եւ (այժմ հանգուցեալ) Սարգիս Պատալեան: Շինարարութեան առաջին աշխատանքներու ընթացքին փակուած են եկեղեցւոյ մէջ գտնուող երկու թոնիրները: Իսկ անկիւններուն նոր սիւներ զետեղելու նպատակով բացուած է հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը գտնուող հողաշէն անյայտ գերեզմանը, որու տակէն, մէկ մեթր խորութեան վրայ, ի յայտ եկած է 1600-ական թուականները կրող՝ նախնական խաչերով զարդարուած տապանաքարը՝որ կը պատկանի Նուրիճան Տէր Պետրոսեանին եւ որուն ներքեւ յայտնաբերուած են անոր աճիւնները: Սոյն տապանաքարը այժմ կը ծածկէ յիշեալ գերեզմանը:
Դէպի Հայաստան ներգաղթէն առաջ, Բալանիշ գիւղը ունեցած է 60 տուն հայ բնակչութիւն: Դպրոց չէ եղած գիւղին մէջ, սակայն մայրենի լեզուն նոր սերունդին իր տան մէջ ուսուցած է պրն. Սարգիս Ղուրպանեանը, իբրեւ դաստիարակ-ուսուցիչ: Գիւղի հայաթափումը տեղի ունեցած է առաջին եւ երկրորդ ներգաղթներու ընթացքին, եւ ապա, երբ կամաց-կամաց դէպի Ուրմիա եւ շրջակայ քաղաքներ տեղափոխուած է ժողովուրդը:
Գիւղին տուները նախապէս եկեղեցւոյ շրջակայքը եղած են: Սակայն վարակիչ Թիֆօյիտ հիւանդութիւնը պատճառ դարձած է, որ տեղափոխուի ժողովուրդը քիչ մը աւելի հեռու, այն համոզումով որ տեղէն հեռանալէ յետոյ, հիւանդութիւնը կը դադրի:
Հաւանական է, որ նոյն հիւանդութեան օրերուն, երբ մահը անմեղ կեանքեր կը հնձէր, գիւղին մէջ տարածուած է այն հաւատքը, թէ եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող թզենիի երեք ծառերը՝ «Իւչ Պաճիլար» (Երեք Քոյրեր) կոչուած, բուժիչ յատկութիւն ունին, եւ անոնց մօտ երթալով մոմ վառելը, կը բժշկէ իրենց հիւանդները: Այս մասին գիւղացիներուն պատմած է Փիրէ Չօխան (գիւղապետ Փիրէ), որ 110 տարի ապրելով, հաղորդած է իր իմացած պատմութիւնը «Երեք Քոյրեր»ու մասին: Այդ հին հաւատքով, մինչեւ այսօր Բալանիշցիներ երբ գիւղը այցելեն, մոմեր կը վառեն այդ ծառերու թմբացած արմատներուն ներքեւ, որոնց հետքերը յստակ կ՝երեւին:
Եկեղեցին, մինչեւ նորոգուիլը, գիւղացիներուն կողմէ ճանաչուած է «Խարապա Քիլիսէ» (Փլատակ Եկեղեցի) անունով, խարխլած կառոյցին պատճառով: Գիւղացիներ կ՝ըսեն, թէ Քէթի Ֆիհրազատէ կոչուած անձը, գիւղի աղբիւրին քով տեսիլք կ՝ունենայ, եւ ձիաւոր մը իրեն կÿուղարկէ չորս աղջիկ ունեցող գիւղացիին մօտ, ըսելով որ տղայ զաւակ պիտի ունենայ, եւ անունը Յովհաննէս պիտի կոչեն: Երեխան կը ծնի եւ անունը Յովհաննէս կը դնեն: Երբ պատանի կը դառնայ, կը բերեն եկեղեցի, ուխտի համար երկարած մազերը կը կտրեն, եւ ապա կը մկրտեն: Նոյն առիթով Ազգային Առաջնորդարանի արխիւները պրպտելով կը գտնեն, որ եկեղեցին «Խարապա Քիլիսէ» չէ՛ այլ՝ «Ս. Յովհաննէս» կը կոչուի…:
Եկեղեցւոյ երկրորդ վերանորոգութիւնը սկսած է 2009 թուին, իսկ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Բալանիշցի մայր ու որդի՝ Մերուժան եւ Ռիմա Ազարեանց, իրենց գիւղի նկատմամբ իբրեւ գուրգուրանքի արտայայտութիւն, իրենց իսկ ձեռքերով եւ ծախսով վերանորոգած են եկեղեցին:









All the contents on this site are copyrighted ©.