2013-01-05 13:18:12

2012-ին Փաքիստանի Ծայրայեղ Մահմետականները Կործանած Են 9 Փոքրամասնութիւններու Պատկան Պաշտամունքի Վայրեր։


2012 տարւոյն ընթացքին մոլեռանդ մահմետականները յարձակում կատարած են ու կործանած Քրիստոնեայ, ինդու ու ահմատի պատկան պաշտամունքի վայրերը։
Ահմատիները, որոնց թիւը կը հասնի 4 միլիոնի, նկատուած են որպէս հերետիկոս` իշխող մահմետականներու կողմէ։ Փաքիստանի պետութիւնը իր ամբողջ կազմով` քաղաքական, դատական ու զինւորական, չի պաշտպաներ փոքրամասնութիւնները հակառակ որ երկրի սահմանադրութիւնը կ'երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներու հաւասարութիւնը օրէնքին առջեւ։ Երկրի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումբը հրապարակած իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ կը մատնանշէ որ 2012 տարւոյն ընթացքին թալանուած ու կործանուած են 5 քրիստոնեայ եկեղեցիներ, 3 հինդու տաճարներ եւ ահմատիներու պատկան մզկիթ մը։ Տեղեկագիրը կ'ընդգծէ որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին 27 պաշտամունքի վայրեր մոլեռանդ մահմետականներու թիրախ դարձած են եւ ահաբերկիչներէն ոչ մէկը դատի կանչուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.