2013-01-04 14:00:13

Հարցազրոյց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Հետ.


Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը պատասխանելով Անի Ճուգուլեանի Ա հարցումին ՝ թէ՝
21-րդ դարուն, ի՞նչ է հայ լեզուի վիճակը: Փոխու՞ած է թէ տակաւին նոյնն է:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսած է.
Բնական է որ ժամանակի ընթացքին ամէն լեզու փոփոխութիւններու ենթարկուի համակերպելով օրուան պահանջին: Մեր պաշտօնական Դիւանէն, օրինակի համար, տարբերութիւնը կը նշմարենք 1930-ի եւ 2012-ի միջեւ մեր գործածած լեզուին:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ հայերէնը, եւ մեր պարագային՝ արեւմտահայերէնը, չունենալով հողային սահմանուած հայկական տարածք, աւելի ենթակայ է փոփոխութեան:

Երկրորդ հարցումը՝
-Լիբանանի քաղաքային պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք շատ մը հայեր հեռացան հայաբնակ շրջաններէ: Այդ նոր շրջաններու մէջ, կը կարծէ՞ք թէ հայերը կը խուսափին հայերէն խօսելէ: Կը կարծէ՞ք թէ այդ կրնայ ճեղք/բացուածք մը ստեղծել նոր սերունդի հայերուն եւ իրենց մշակոյթի միջեւ: Ի՞նչ են պատճառները որ հայերը հեռու կը մնան իրենց մշակոյթէն:
Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը պատասխանեց ըսելով.
-Շատ հայեր կան, որոնք բնականաբար հայերէն կը խօսին տան մէջ եւ իրենց զաւակներն ալ նոյնը կ'ընեն: Բայց խառն ամուսնութեան պարագային, մայրենի լեզուն շատ անգամ կը փոխուի: Այն ատեն է որ հայերէնը կը սկսի կաղալու: Ասոր համար, խառն ամուսնութեան պարագային, կ'աշխատինք քաջալերելու հայրն ու մայրը որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան արձանագրեն, բացատրելով իրենց որ ասիկա իրենց զաւակներուն բարիքին պիտի նպաստէ:
Մեր նոր սերունդի եւ հայ մշակոյթի միջեւ բացուած ճեղքը անպայման լեզուական չէ եւ միայն հայկական չէ: Համեմատութիւնը շատ կը նուազի սակայն այն երիտասարդներուն մօտ, որոնք հայ մշակոյթով դաստիարակուած են:
Ուստի, մշակոյթէն հեռու մնալը միայն մեր ժողովուրդին հարցը չէ, սակայն սփիւռքահայերը շատ աւելի ենթարկուած են հեռանալու իրենց մշակոյթէն:

Իսկ՝ Եթէ լեզուն կորսուի, կրնա՞յ նաեւ հայ ինքնութիւնն ալ կորսուի. հարցումին՝
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.
- Հայերէնը, աւելի քան ուրիշ լեզուներ, ազգային ինքնութիւն կերտող լեզու մըն է, որ իբրեւ ազգային ազդակ հայ ժողովուրդին ծառայած է եւ կը շարունակէ ծառայել դարերու ընթացքին: Եթէ հայերէնը գործածուելէ դադրի, այո՛, հայ ինքնութիւնը կը վտանգուի, եւ կրնայ ըլլալ որ հայ մշակոյթը շարունակէ քիչ մը աւելի գոյատեւել որպէս ապրուած մշակոյթ, գուցէ նաեւ վերապրի որոշ մարզերու մէջ, բայց անկարելի է որ հայկական մշակոյթը երկարօրէն գոյատեւէ առանց հայերէն լեզուի:

Գալով այն հարցումին թէ՝
Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին որպէսզի նոր սերունդը քաջալերուի եւ դարձեալ գործօն անդամ դառնայ հայ մշակոյթին:
Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը ըսաւ.
-Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել, կարելի է ըսել թէ մէկ տեսութեան մը մասին դժուար է համաձայնութիւն գոյացնել: Բայց հնարաւորին չափ, մեծ զանգուածը հեղինակաւոր անձերու կոմէն՝ հոգեւոր, կրթական կամ քաղաքական, պէտք է թիկունք հանդիսանայ հայ մշակոյթին: Այս տեսութիւնը որպէս նպատակ ունենալու է խօսակցական հայերէնին յառաջացումը եւ գոյատեւումը: Հայ մշակոյթը կը պարունակէ իր մէջ զանազան արժէքներ, ինչպէս հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, ազգային արժէքները, միասնակամութիւնը, եւայլն: Այս արժէքները պարտին դառնալ նոր սերունդին համար հայ մշակոյթին կեանքի առանցքը: Մենք, հայ լեզուի նահանջին դիմաց, մօտ 3 տարի առաջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի անունով Կեդրոն մը բացինք եւ լուրջ աշխատանք կը տանինք հետաքրքրելու համար մեր բոլոր վարժարանէն ներս աշխատող հայերէնի ուսուցիչները եւ պատասխանատուները, իրենց հանդիպումներ եւ յատուկ դասընթացքներ կազմակերպելով մասնագէտներու առաջնորդութեամբ: Փառք Աստուծոյ, (եզրափակեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը) այս ծրագիրը մինչեւ օրս յաջողութիւն գտաւ։
… Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.