2013-01-04 12:10:20

Իսրայէլ 2013-ին՝ Մուրսիի Անակնկալներէն Կը Վախնայ։


Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 2013-ին Իսրայէլի եւ Իսլամ Եղբայրներու իշխանութեան տակ եղող Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութեանց ապագային մէջ անորոշութիւն կը տիրէ, իսկ իսրայէլեան բանակը 2013-ը Միջին Արեւելքի մէջ անկայունութեան եւ «Արաբական գարնան» շարունակման պատճառով « որոշումի տարի» կը կոչէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի 2012-ին իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը անակնկալի մատնելէ չէ դադրած` նշելով, որ «Մուրսի բոլորը անակնկալի մատնեց բանակի ղեկավարութեան դէմ յեղաշրջում կատարելով եւ իրեն մօտիկ անձեր նշանակելով, ինչպէս նաեւ բոլորը անակնկալի մատնեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց մէջ իր գործնապաշտութեամբ»:
«Մաարիւ» կը յայտնէ, որ «սխալ գնահատականներ կատարելը բացառուած է, որովհետեւ Մուրսիի գաղափարաբանութիւնը յստակ է եւ Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի տեղ չի վերապահեր, սակայն ստիպուած է 90 միլիոն բերաններ կերակրել տարեկան շուրջ 1.3 միլիառ տոլար ամերիկեան տարեկան օժանդակութեանց ճամբով, ինչ որ զինք նախատեսուած չափաւորականութեան շրջան կը մղէ»:
Իսրայէլեան օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ 2013-ին Եգիպտոսի կողմէ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ջնջումը բացառուած է, սակայն Իսրայէլի եւ Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան տակ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութեանց հեռակայ ապագան կը պարունակէ բազմաթիւ հարցեր, որոնք լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.