2013-01-03 14:45:01

Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը՝ Վահան Աղանդներու Ներխուժումին Դէմ։


Լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Նաճարեանի մտորումները...
Հ Հ անկախութիւնը՝ անոր արդիւնքներն ու նաեւ հետեւանքները...
Ժողովրդավարութիւնը, նաեւ խօսքի ու խղճի ազատութիւնը որ ունին զարգացման հնարաւորութիւններ, ունին նաեւ բացասական հետեւանքներ. յատկապէս ազատութիւնը աղանդաւորական կազմակերպութիւններուն որոնք իրենց քայքայիչ միտումներով՝ կը սպառնան ո՛չ միայն ազգաբնակչութեան հոգեւոր անվտանգութեան, այլ նաեւ ‏հայոց պետութեան, պետական կառոյցներուն, ասոնց թիկունքին կանգնած զինեալ կամ ոչ՝ ազգային ուժերուն, եւ ուրեմն՝ ազգային անվտանգութեան։ Այսպիսիներէն է յատկապէս «Եհովայի Վկաներ» կոչեցեալ կազմակերպութիւնը, եւ «Կենդանի հաւատք, ընտանեկան եկեղեցի» կազմակերպութիւնը։
Ըստ հայաստանեան մամուլին կողմէ հրատարակուած տուեալներուն, երեք միլիոնէն քիչ մը աւելի բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի մէջ՝ գրանցուած են 350-400.000 աղանդաւորներ, ինչ որ կը նշանակէ թէ բնակչութեան տասէն մէկը աղանդաւոր է։ Այս աղանդները կարող են գրաւել մեծեր թէ փոքրեր։ Արդարեւ՝ զինուորական ծառայութենէ խուսափիլ ուզող երիտասարդները գրանցուելով «Եհովայի վկաներու» խումբին, կարելիութիւն կ՝ունենան բանակէն ներս չծառայել ...
Այս վտանգալից իրողութեանց ի տես եւ ի լուր, պրն Նաճարեան գրած է. կարելի չէ լուռ եւ անտարբեր մնալ։ Որովհետեւ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թշնամի ուժերու ներխուժումի մը չափ վտանգաւոր է աղանդներու ներխուժումը հայրենաբնակ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի սահմաններէն ներս։ Հարկ է զօրացնել այդ սահմանները, պաշտպանել զանոնք ամէն տեսակ փորձութիւններու դէմ, ծառանալ Լուսաւորչեան Հաւատքին վրայ հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայկական պետութեան հիմքերը թուլացնող քայքայիչ գործունէութիւններուն դէմ։ Արդ՝ այս նպատակի հետապնդման պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ հաւասարապէս Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ վրայ։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ օտարացման, ուծացման, այլասերման, օտարամուտ բարքերու, մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող շարժումներու, աղանդներու ազգակործան գործունէութեան դէմ պայքարի ամէնէն հզօր զէնքն է։ Այդ անփոխարինելի զէնքով պէտք է զինել հասարակութիւնը։ Քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զինուած հասարակութիւնը մեր հոգեւոր անվտանգութեան գրաւականն է, այնպէս ինչպէս լաւապէս մարզուած ու զինուած բանակը՝ Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորը։
Այդ դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի վաղ մանկութենէն, տունէն ու մանկապարտէզէն՝ եկեղեցականներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող դաստիարակներու առաջնորդութեամբ։ Ան պէտք է հանրային կրթութեան պատասխանատուներուն յատուկ ուշադրութեան առարկան ըլլայ եւ առաջնակարգ տեղը ունենայ կրթական-ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Լեզուի դասագիրքերուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն չափ կարեւոր են քրիստոնէականի դասագիրքերը եւ դասատուները՝ հայապահպանութեան եւ հայակերտումին համար, քանի դեռ ուշ չէ, որպէսզի, ինչպէս կը պատգամէր Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսաւոր առիթով մը, «Հայոց Եկեղեցին այս նոր դարաշրջանին, մեր ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ, հոգեւոր եւ բարոյական առողջացում բերէ մեր ամբողջ ազգին, որպէսզի դառնանք ո՛չ թէ միայն քրիստոնեայ ազգ, այլ՝ քրիստոնէաբար ապրող ազգ». այսպէս կ՝եզրափակէ պրն Նաճարեան իր յօդուածը։








All the contents on this site are copyrighted ©.