2013-01-02 14:17:45

Սլովաքիայի Եկեղեցւոյ Ուխտագնացութիւնը Հռոմ .


Մեծարելու յիշատակը Ս. Կիւրեղի եւ Ս. Մեթոտիոսի։
Սլովաքիոյ եկեղեցին մտադիր է ազգային ուխտագնացութիւն կատարել Հռոմ, 26-28 փետրուար, մեծարելու յիշատակը՝ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրներու Մեծ Մորավիա կատարած այցելութեան 1150-րդ տարեդարձին առթիւ։ Սոլվաքիայի եպիսկոպոսները կոչ կ՝ուղղեն հաւատացեալներուն, մասնակցելու ազգային ուխտագնացութեան, որուն ընթացքին (գրուած է կոչին մէջ) կարելիութիւն պիտի ունենանք Ս. Պետրոսի պազելիքան այցելել, հանդիպիլ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին , վերակենդանցնել մեր քրիստոնէական արմատները, ամրապնդել մեր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ ոգեկոչել Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրներու գործն ու առաքելութիւնը այն վայրերոուն մէջ ուր այս երկու Սուրբ Եղբայրները ապրեցան։ Ուխտաւորները կարելիութիւն պիտի ունենան ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին Տիրամօր աւագ պազելիքայի մէջ, ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ, նաեւ աղօթելու երկու սուրբերու գերեզմանին առջեւ, ինչպէս նաեւ Սրբազան Քահանայապետին ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցելու։
Այս առթիւ ուխտաւորները նաեւ պիտի այցելեն Հռոմի մէջ Սլովաքիայի քահանայապետական վարժարանը, որ 2013-ին կը տօնախմբէ իր հաստատութեան 50 ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.