2013-01-02 13:07:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 2 յունուար 2013, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2013-ի' Ա. ընդհանուր ունկնդրութիւնը շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։
Ունկնդրութեան Ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն կատարեց ՜՜Յիսուսի սուրբ Ծննդեան՝՝ մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Սրբազան ՀայրԱը)
Տիրոջ Ծնունդը անգամ մը եւս թող լուսաւորէ աշխարհն ու մեր սրտերը, յոյս եւ ուրախութիւն տալով բոլորիս։
Ուրկէ՞ կու գայ այս լոյսը, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ ՜՜այդ լոյսը կու գայ Բերթղեհէմի քարայրէն, ուր հովիւները գտան Մարիամը, Յովսէփը եւ մանուկը, որ դրուած էր մսուրին մէջ։
Ի տես սուրբ Ընտանիքին, այլ հարց մը կը ծագի.
Թէ ինչպէ՞ս այս փոքր ու տկար Մանուկը, արմատական նորութիւն մը բերաւ, որով կարողացաւ պատմութեան ընթացքը յեղաշրջել։ Միթէ՞ Անոր ծագումը խորհուրդ մը չէ։
Այս Հարցումին պատասխանը կը գտնենք ՜՜Չորս Աւետարաններու՝՝ մէջ. ՜՜Մանուկին ծագումը Հայր Աստուածն է՝՝։
Հրեշտակը կ'ըսէ Մարիամին. ''Հոգին Սուրբ պիտի գայ քու վրադ''։
Հաւատամքի մէջ Յիսուս զանազան բառերով կը կոչուի. ''Տէր, ...Քրիստոս, Միածին Որդին։ Հայրը, Որդիին եւ Ս. Հոգւոյ հետ, միակ Աստուածն է։ Աւետումին, հրեշտակը Մարիամին կ'ըսէ. '' Բարձեալին Զօրութիւնը քեզ պիտի հովանաւորէ, ասոր համար Ան որ քեզմէ պիտի ծնի սուրբ է, եւ պիտի կոչուի Աստուծոյ Որդին ''։
՜՜Մարիամի Այո-ով՝՝ հրեշտակապետին խօսքին, Աստուած բնակարան կը գտնէ այս աշխարհի վրայ, Ան որուն տիեզերքը կարող չէ պարփակել, բնակութիւն կը հաստատէ կոյսի մը արգանդին մէջ. ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Հուսկ՝ իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Հրեշտակին Աւետումը մարդկութեան համար միշտ նոր արձագանգ կը գտնէ եւ հետը կը բերէ յոյս եւ ուրախութիւն մեր սրտին, որովհետեւ անիկա, ամէն անգամ մեզի կը պարգեւէ Աստուծոյ զօրութիւնը հակառակ մեր անկարող եւ տկար վիճակին ու դժուարութիւններուն։ Աստուծոյ զօրութիւնը միշտ սքանչելիքներ կը ներգործէ հակառակ մեր տկարութեան։ Անոր շնորհքը մեր ոյժն է։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ըսելով. Իմ ջերմ ողջոյնը կ'ուղղեմ 2013-ի առաջին ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցող բոլոր ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն, մաղթելով ձեզի անդորրութիւն ու ամէն բարիք։
Ապա Սրբազան Հայրը ողջունեց երիտասարդները, նորապսակեալները ու հիւանդները մաղթելով որ անոնք ունենան ՜՜այն գիտակցութիւնը որ տարւոյն ամէն մէկ օրը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է՝՝։
Սիրելիներ, Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն իր բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը արաբերէնով ըսաւ. կ'աղօթեմ արաբախօս բոլոր անձերուն համար. թող Տէրը ամէնքը օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.