2013-01-02 14:02:47

Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներու Առիթով՝ Վլատիմիր Փութինի Շնորհաւորական Ուղերձը Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է տարբեր երկիրներու առաջնորդները եւ կառավարութիւններու ղեկավարները Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած շնորհաւորական ուղերձի մէջ Փութին նշած է. “2012 թուականին Ռուսիա եւ Հայաստան ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ հասած են նշանակալի յաջողութիւններու”: ՌԴ նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ գալիք տարուան ընթացքին կը շարունակուի համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքը ռուս-հայկական գործընկերութեան ընդլայնման ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.