2013-01-02 13:51:12

Կանայի Բնակչութեան 96 Տոկոսը Հաւատացեալ Է ։


Կանան աշխարհի ամէնէն հաւատացեալ երկիրը կը համարուի։ Անոր բնակչութեան 96 տոկոսը կրօնքի մը յարած է (կը հաղորդէ ՜՜Վին Կալուբ՝՝ միջազգային հաստատութիւնը)։ Կանային կը յաջորդէ Նիճերիան, որուն բնակչութեան 93 տոկոսը հաւատացեալ է։ Ապա կու գայ Հայաստանը 92 առ հարիւրը ( ըստ Ճէօ պարբերաթերթի 2013-ի՝ յունուարի թիւին)։ Վիճակագրութենէն ի յայտ կու գայ որ Թուրքիոյ բնակչութեան 23 տոկոսը միայն կապուած է կրօնքի մը։
Չինաստանի մէջ կը գտնենք աստուածամերժերու մեծագոյն թիւը` 47 տոկոսը, անոր կը յաջորդէ Ճաբոնը` 31 տոկոսը, Չեխիան 30 տոկոսը, ֆրանսա` 29 տոկոսը։
Վին-Կալուբ կոչուած միջազգային հաստատութիւնը իր հարցարանը ուղղած է 57 երկիրներու 50 հազար անհատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.