2013-01-02 13:56:01

Դամասկոսի ու Հալէպի մէջ Ընդհարումները Կը Շարունակուին։ Կեննատի Կաթիլով Կ՝ըսէ «Իպրահիմիի Հետ Քննարկումները Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Փոխզիջումային Լուծման Առիթի Մը Գոյութիւնը Ցոյց Տուին»։


Սուրիոյ մէջ փակ կը մնայ Հալէպի միջազգային օդակայանը, յետ ենթարկուած յարձակումներուն ապստամբներու կողմէ, որոնց հսկողութեան ներքեւ կը մնայ սակայն Մարզի մեծ մասը եւ քաղաքի տարբեր թաղամասերը։ Մինչ այդ չեն դադրիր օդային յարձակումները Դամասկոսի վերեւ։ 1 Յունուարի առաջին ժամերէն սկսեալ բանակը վերսկսած է օդային ռմբակոծումներուն Դամասկոսի արուարձաններու վերեւ,եւ հոն գտնուած են գլխատուած 30 դիակներ ։Երէկուայ հաշուէկշիռը արդարեւ աւելի քան 130 մեռեալ է ,իսկ 31 Դեկտեմբերի զոհերու թիւը 160 է։
Միւս կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կեննատի Կաթիլով յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Մոսկուայի մէջ կատարուած քննարկումները Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխ-զիջումային լուծման առիթի մը գոյութիւնը ցոյց տուած են:
Իպրահիմի երէկ յայտարարեց, որ ինք ունի Սուրիոյ տագնապը լուծելու ծրագիր մը, որ «միջազգային ընտանիքի հաւանութեան արժանանալու կարելիութիւն կը ներկայացնէ»:
«Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը կը շարունակէ կարելի մնալ, սակայն իւրաքանչիւր օր աւելի կը դժուարանայ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Սուրիոյ ապագային չենք կրնար իշխել , ինչպէս որ անցնող քառասուն տարիներուն եղաւ:
Լախտար Իպրահիմի Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց երկխօսութեան սեղանի շուրջ նստելու` աւելցնելով, որ «սուրիական տագնապը պէտք է յառաջիկայ տարի լուծուի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.