2012-12-31 10:18:32

''Ընտանիքներու Միութեան Համար Աղօթքի Հսկում Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ։


Երկուշաբթի 31 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ամանորի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կազմակերպուած է ''մեր ընտանիքներուն մէջ ու ազգերու միջեւ խաղաղութեան'' աղօթքի հսկում մը որ սկիզբ կ՛առնէ 2012-ի դեկտեմբեր 31-ի երեկոյեան ժամը 23,30-ին ու վերջ կը գտնէ 1 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 7ին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ''Ընտանեկան Սէր'' շարժումի կողմէ։
Աղօթքի Հսկումի բացումը կը կատարէ Հռոմ թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայածառ Մաթթէօ Ծուբբի ապա տեղի կ՛ունենայ մոմավառութիւն, հուսկ զանազան լեզուներով Նոր Տարուայ բարեմաղթութիւններու ընթերցում .
'' Շնորհաւոր լոյսի, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան տարի''։
Հսկումի ընթացքին պիտի կատարուին երգեցողութիւններ ու սուրբ վարդարանի ջեռմերանդական աղօթքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.