2012-12-30 12:01:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Շնորհաւորագիրը Նորընտիր Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքին։


''Յաչս բռնութեան, քրիստոնեաները պէտք են միանան''

Յոյն օրթոտոքս նոր պատրիարք` Եուհաննա 10-ի ընտրութեան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է, որով կը վերահաստատէ հարկաւորութիւնը քրիստոնեաներու միութեան, լաւագոյն վկայութիւն տալու Աւետարանին, մինչ Միջին Արեւելքը քաղաքական անկայուն կացութեան մէջ կը գտնուի։

Սրբազան Քահանայապետի եղբայրական պատգամը ուղղուած է Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն օրթոտոքս պատրիարք Եուհաննա 10-ին, որուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 17 դեկտեմբերին յաջորդելով երջանկայիշատակ Ինքնատիոս 4-ին։
Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով մինչ Սուրիոյ իրավիճակը երթալով կը վատթարանայ, Միջին Արեւելքի տագնապը քրիստոնեաներէն կը պահանջէ միութիւն, որպէսզի աշխարհը հաւատայ Աւետարանի սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաշտութեան պատգամին։
Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ որ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է միասնաբար ընթանալ միութեան ճանապարհին վրայ եւ զանոնք միացնող հոգեւոր հաղորդութիւնը տեսանելի դառնայ թէեւ միութիւնը տակաւին անկատար է։
Հուսկ Սրբազան Հայրը կ' երաշխաւորէ իր աղօթքը նորընտիր պատրիարքին մաղթելով որ երկու եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները աւելի զարգանան ու ամրապնդուին ընդգծելով նաեւ աստուածաբանութեան միջազգային խառն յանձնախումբի համագործակցութիւնն ու աչակցութիւնը ի խնդիր երկխօսութեան` ընդմէջ կաթողիկէ եւ համաօրթոտոքս եկեղեցիներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.