2012-12-30 11:14:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, 2013-ի Յունուար Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները։


Յունուար ամսոյն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները.

Երեքշաբթի մէկ Յունուար 2013-ի՝ առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ս. Պետրոսի Մայր տաճարի մէջ` Խաղաղութեան համաշխարհային 46-րդ օրուայ առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որուն ներկայ կ՝ըլլան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները։
Յայտնենք որ Խաղաղութեան համաշխարհային 46-րդ օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Երանի խաղարարներուն'' վերտառութեամբ պատգամ մը ուղղած է ։

Կիրակի 6 յունուար 2013-ի՝ առաւօտեան, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ։

Իսկ 13 յունուարի առաւօտեան ժամը 9.45-ին, Սրբազան Քահանայապետը ինչպէս ամէն տարի Սիքստեան մատրան մէջ նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ մկրտութեան խորհուրդը։

25 Յունուարին՝ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնակատարութեան օրը, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքայի մէջ, ժամը 17,30-ին, պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ որ կը զուգադիպի Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.