2012-12-30 11:20:21

Խորհրդածութիւն Մը Նոր Տարուան Առթիւ
«Շտկուեցէ'ք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէ'ք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղկ 21, 25-30)


Տարիները կ'անցնին եւ ժամանակը երբեք կանգ չ'առներ ու մենք շատ անգամ դժուարութեամբ կ'ընդունինք այս անկասելի եւ յարատեւ փոփոխութիւնը մեր կեանքին մէջ: Չենք ուզեր հաւատալ որ տարիքով կը յառաջանանք, որ կը ծերանանք, որ այս տարի կնճիռ մը աւելի ունինք մեր ճակատին վրայ, որ ֆիզիքապէս այս տարի աւելի տկար կը զգանք քան անցեալ տարին: Եւ սակայն անողոք եւ դաժան իրականութիւնն այն է որ տարիներն ու եղանակները իրարու կը յաջորդեն ու մենք անընդհատ կը փոխուինք:
Մեր կեանքը նման է ժամանակը չափող աւազի ժամանակացոյցին: Վերի մասը աստիճանաբար կը պարպուի եւ աւազը կը սահի դէպի վար: Նոր Տարին մեզի կը յիշեցնէ թէ վերի մասին մէջ նուազ աւազ կայ այս տարի քան անցեալ տարի:
2013 տարեթիւը մեզի կը վերապահէ նորութիւններ, անակնկալներ, յաջողութիւններ կամ ձախողանքներ: Մեր կեանքը երթ մըն է դէպի առջեւ ու մենք ի վիճակի չենք ժամանակը ընդհատելու կամ դէպի ետեւ դառնալու: Պարտինք շարունակել յառաջանալ նոյնիսկ եթէ անգամներ ճամբան դժուար է:
Նոր Տարին մեզի կը յիշեցնէ որ ժամանակը թէեւ թանկագին սակայն կարճատեւ պարգեւ մըն է զոր պարտինք լաւագոյն կերպով շահագործել: Մեզի յիշեցնելով հանդերձ որ ժամանակը վաղանցուկ է, Նոր Տարին կը հետապնդէ երկու նպատակներ. նախ՝ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին աշխարհի վախճանին ապա՝ կը բորբոքէ մեր յոյսը՝ ապագային նկատմամբ:
Սուրբ Ծննդեան Օրը Աստուած ինքնակոչ մեր մօտ եկաւ: Միթէ՞ փակեցինք մեր դուռը իր երեսին՝ նման Բեթղեհեմի բնակիչներուն որոնք տուն տեղ չտուին իրեն « Տեղ չկար Մարիամին եւ Յովսէփին օթեւանին մէջ»: Միթէ՞ Սուրբ Ծնունդը եղաւ լոկ առեւտրական տօն մը, մեծածախս կերուխումի կամ խելացնոր հանդիսութիւններու առիթ մը: Միթէ՞ մեր կեանքին մէջ Աստուած տակաւին տեղ ունի: Նոր Տարին նման հարցադրումներուն առջեւ մեզ կը դնէ եւ մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու, պատրաստուելու եւ մեր մեղքերը մեր վրայէն թօթափելով՝ Տիրոջ կողմէ մեզի առատաձեռնուած շնորհքէն օգտուելու:
Նոր Տարին ժամանակն է նաեւ մեծ յոյսի: Ղուկասի Աւետարանի մէջ, Յիսուս ո'չ թէ վախ այլ՝ մեզի յոյս կը ներշնչէ ըսելով «Երբ (այս դէպքերը) սկսին պատահիլ...մարդիկ սարսափէն պիտի նուաղին...բայց դուք Շտկուեցէ'ք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէ'ք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է»: Թզենիին առակը որ իր արձակած ծիլերով կ'աւետէ ամառուայ եղանակին դարձը, խորհրդանիշն է այդ յոյսին (Ղկ 21, 30) եւ գրաւականը՝ Աստուծոյ պարգեւելիք նորաստեղծ կեանքի:
Աստուած կ'ուզէ նոր աշխարհ մը ստեղծել: Ան վերջ պիտի դնէ դաւադրութիւններուն, փտածութեան, մեղքի, ատելութեան, նախանձի, ընչաքաղցութեան, խտրութեան եւ պատերազմի աշխարհին: Պօղոս առաքեալը Հռոմէացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ'ըսէ՝ «Յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ լեցնէ՝ իրեն հանդէպ ունեցած ձեր հաւատքը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանանք:» (Հռմ :15,13)
Ժամանակը կը սահի կ'անցնի ու մենք կը ծերանանք սակայն ո'չ մէկը իրապէս ծեր է քան այ'ն մարդը որ առանց յոյսի կ'ապրի ու կեանքէն ոչինչ կը սպասէ: Յոյս կորսնցնելը հաւատքը կորսնցնելէն գէշ է որովհետեւ առանց յոյսի հաւատք չկայ: Յոյսը ճշմարիտ շարժակ մըն է, շարժիչ ոյժ մը, որ մեզ կը մղէ ու կը խթանէ շատ մը վեհանձն գործեր ու բարեգործութիւններ կատարելու:
Նոր Տարուան առիթով, հրաւիրուած ենք մասնակցելու Աստուծոյ նոր ստեղծագործութեան որ իմաստ ու բովանդակութիւն պիտի տայ մեր նուէրներու փոխանակութեան, հրաւէրներուն եւ այցելութիւններուն՝ ոմանց հաճոյք պատճառելով, ուրիշներուն ներելով, ոմանց հետ խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով, ուրիշներուն օգնութեան հասնելով ու մանաւանդ ամենուրեք աւելի եղբայրական աշխարհ մը ստեղծելով:
Շատ մը մարդոց համար, անցած տօնական օրերուն, աւելի զգացին իրենց ցաւալի խեղճութինը, իրենց աղքատութիւնը, իրենց առանձնութիւնը: Քանի՞ քանի՞ տարեցներ չստացան ո'չ այցելութիւն, ո'չ նուէր, եւ ո'չ շնորհաւորական բացիկներ: Քանի՞ քանի՞ թափառաշրջիկներ Ս. Ծնունդը անցուցեր են այնպէս ինչպէս միւս բոլոր օրերը կ'անցընեն՝ աղբանոցներուն մէջ ուտելիք փնտռելով: Հետզհետէ կը բազմանան փողոցներուն մէջ ապրող տնազուրկները, հազիւ հազ ապրող ընտանիքները, առանձնութենէ տառապող ու մեռնող տարեցները, թմրանիւթի, արբեցութեան եւ բախտախաղի զոհ գացող երիտասարդներն ու ու տարիքաւորները:
Նման անձինք կարիք ունին մեր ուշադրութեան ու մեր օգնութեան: Նոր Տարին մեզ կը հրաւիրէ բանալու մեր աչքերն ու սրտերը՝ բաժնեկից դարձնելու մեր յոյսին բոլոր անոնք որ ամենէն շատ պէտք ունին յոյսով ապրելու:
2013 տարին մեզի նաեւ մեզի առիթ թող ըլլայ մտածելու սուրիահայերու տառապանքին՝ անվերջ թուացող ներքին պատերազմի պատճառով: Ասոր համար անգամ մը եւս կոչ կ'ուղղենք՝ օգնութեան հասնելու մեր ազգակիցներուն որոնք կենսական պէտքերու կը կարօտին: Առատաձեռն ու եղբայրասէր ըլլանք անոնց հանդէպ:

Հայր Գեւորգ Ծ Վրդ. Զապարեան







All the contents on this site are copyrighted ©.