2012-12-29 11:54:04

Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծը Ներկայացուած։


Ֆրանսայի Պուշ Տիւ Ռոնի շրջանէն ընտրուած երեսփոխան Տիկին Վալերի Պուայէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանող նոր օրինագիծը ներկայացուցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին:
Այս նախագիծը, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահութեան կողմէ ստանձնուած է 19 դեկտեմբերին, համապատասխան փոփոխութիւններ կ՛առաջարկէ մամլոյ ազատութեան մասին 1881 թուականի օրէնքին մէջ` անոնցմով սահմանելով Խտրականութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան ժխտման դէմ պայքարի իրաւական հիմքերը:
Տիկին Վալերի Պուայէ, որուն առաջարկած օրինագիծը ինչպէս ծանօթ է նախորդ տարի արժանացաւ ֆրանսական Խորհրդարանի երկու պալատներուն հաւանութեան, սակայն ՝՝հակասահմանադրական՝՝ նկատուեցաւ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ, նոր նախագիծով եւս կ՛առաջարկէ մէկ տարուան բանտարկութիւն կամ թէ 45 հազար Էուրօ տուգանք սահմանել մարդկութեան դէմ ոճիրները, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու պարագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.