2012-12-29 09:43:12

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


''Ընտանիքներու Պատարագը'' Մատրիտի Մէջ։ Սուրբ Ընտանիքի Տօնին առթիւ, կիրակի 30 դեկտեմբերին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ` տեղի կ՛ունենայ ''ընտանիքներու պատարագ'' վերտառութեամբ 6րդ հաւաքը որուն բնաբանն է ''Քրիստոնեայ ընտանիքը այօրուայ յոյս''։

Երկուշաբթի 31 դեկտեմբերին Իտալիոյ Լէչչէ քաղաքին մէջ` Իտալիոյ եպիսկոպոսական աշխատանքի, ընկերային հարցերու, խաղաղութեան եւ արդարութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ''խաղաղութեան 45րդ քայլարշաւը'' որ կը կրէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան 46րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամին բնաբանը ''երանի խաղարարներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.