Թեզէի 35-րդ Եւրոպական Հաւաքի Առթիւ Հազարաւոր Երիտասարդներ Ժամանած Են Հռոմ։
''Վստահութեան'' ուխտագնացութիւն. դեկտեմբեր 28էն - 2 Յունուար 2013, Հռոմ քաղաքը կը
հիւրընկալէ Թեզէի 35-րդ եւրոպական հանդիպումը որուն բնաբանն է ''վստահութեան ուխտագնացութիւն
հռոմ''։ Աւելի քան 40 հազար երիտասարդներ համախմբուած են Իտալիոյ մայրաքաղաքը աղօթքի,
խորհրդածութեան, մտամփոփումի ու հասրակական կեանքի 6 օրեր ապրելու ժողովրդապետութիւններու,
ընտանիքներու ու վանատուներու մէջ։ Շաբաթ 29 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 18-ին եւրոպայի
զանազան շրջաններէն ժամանած երիտասարդ ու երիտասարդուհիները Սուրբ Պետրոսի հրապարակի
վրայ կը համախմբուին աղօթելու` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին։ Արարողութեան
աւարտին Նորին Սրբութիւնը ճառ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ Վեց օրուայ ''վստահութեան''
ուխտագնացութեան առթիւ եղբայր Ալոյիս` Թեզէի համամիութենական հասարակութեան Աբբահայրը
չորս առաջադրութիւններէ կազմուած պատգամ մը յղած է. -Առաջին` Միասնաբար զրուցենք
մեր հաւատքի ուղեւորութեան մասին. -Երկրորդ` Փնտռենք ու՞ր կարելի է Քրիստոսին հանդիպիլ.
- Երրորդ` Հասկնալ ի՞նչպէս ապաւինիլ Աստուծոյ եւ - Չորրորդ` առանց վախի բացուինք
ապագայի եւ ուրիշներուն։ Աղօթքս է - գրած է վանահայրը իր պատգամին մէջ - որ Հռոմի
փորձառութիւնը սատարէ հաղորդակցութեան ու առիթ տայ նոր սերունդին ճանչնալու Եկեղեցին
որպէս եղբայրակցութեան վայր` ու Յարուցեալ Քրիստոսը որպէս մեզ միացնողը։ Յայտնենք
որ Թեզէի եւրոպական հանդիպումները սկիզբ առած են 1978-ին Եղբայր Րոժէ Շուլտսի ջանքերով
որ հիմնադիրն է Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան։ Հռոմի հանդիպումին աւարտին
մի քանի երիտասարդներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը եղբայր Ալոյիսի գլխաւորութեամբ կը
մեկնի Թուրքիայ հոն տօնախմբելու Աստուայայտնութեան Տօնը։