2012-12-29 12:00:29

«2013-ին Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով :


Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Դեկտեմբեր 28ին յայտարարած է, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Մոսկուա պիտի աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները:
Ան վստահեցուցած է, թէ 2013ին, Արցախի հակամարտութեան լուծումը պիտի մնայ միջազգային հանրութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկը:

«Ռուսիա շահաքրքրուած է միջազգային օրակարգի առանցքային բոլոր հարցերուն մէջ՝ փոխադարձ ընդունելի որոշումներ գտնելով: Կարելի է վստահութեամբ ենթադրել, թէ 2013ին հակամարտութիւններու կանխումն ու կարգաւորումը պիտի մնան միջազգային հանրութեան գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւններէն մէկը», նշած է Լաւրով՝ աւելցնելով, որ իբրեւ երկրի գերակայութիւններ՝ օրակարագի վրայ կը մնան նաեւ Սուրիոյ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ Իրաքի տագնապը:








All the contents on this site are copyrighted ©.