2012-12-28 12:30:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 2012 Տարուայ Հաշուեկշիռը։


2012 տարին քաջութեամբ եւ տենդով ապրուած տարի մը եղաւ որուն ընթացքին Պենետիկտո ԺԶ սրբազան Քահանայապետը երկու միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց` Մեքսիքօ - Գուպա եւ Լիբանան ու ապա 4 հովուական այցելութիւններ Իտալիոյ տարածքին։ Ան Միլանոյի մէջ մասնակցեցաւ Ընտանիքներու միջազգային 7րդ համաշխարհային հաւաքին, հռչակեց Հաւատոյ Տարին ու նախագահեց ''Նոր Աւետարանութեան'' նիւթով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։ Հաւատք, ընտանիք ու խաղաղութիւն Սրբազան Քահանայապետի 2012-ի վարդապետութեան կեդրոնական նիւթերը եղան։

Հովիւ մը հեզ, հաստատամիտ ու քաջ։

''Գուպան եւ աշխարհը պէտք ունին նորոգումի ու այս կարելի է եթէ ամէն մէկը հարց տայ թէ ու՞ր է ճշմարտութիւնը ու վճռէ սիրոյ ուղեւորութեան մէջ ընթանալ, հաշտութիւն ու եղբայրութիւն սերմանելով'' ըսած էր Սրբազան Հայրը Գուպա կատարած այցելութեան ընթացքին ու այս համերաշխութեան ու հաշտութեան նշանով կատարած էր նաեւ Լիբանանու առաքելական Ճամբորդութիւնը, անցեալ սեպտեմբերին։
Պենետիկտոս ԺԶ լիբանան գացած էր որպէս ''խաղաղութեան ուխտաւոր'' ու իր կեցութեան ընթացքին երիտասարդներուն արտասանած ճառին մէջ մատնանշած էր '' թող համայն Միջին Արեւելքը ձեզ տեսնելով հասկնայ թէ մահմետականներն ու քրիստոնեաները, իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը. կրնան միասին ապրիլ համատեղ առանց ատելութեան, ու ամէն մէկուն հաւատքը յարգելով, միասնաբար կերտելու համար ազատ ու մարդկային ընկերութիւն մը։
Լիբանան կատարած ճամբորդութեան նպատակն էր Միջին Արեւելի եկեղեցիներուն յանձնել, 2010-ի Հոկտեմբերի Վատիկանի մէջ գումարուած` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսաց ընդհանուր ժողովի յետ սիւնհոդոսական ''Եկեղեցին Միջին Արեւելքի Մէջ'' յորդորագիրը։մինչ 2012-ի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիւթը եղաւ ''նոր աւետարանութիւնը'' ու այս առնջութեամբ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու'' համար ու բոլոր մկրտեալները կանչուած են այս առաքելութեան . ''Ամէն մարդիկը իրաւունք ունին Յիսուս Քրիստոսը ու անոր աւետարանը ճանչնալու. ու ամէն քրիստոնեայ - հոգեւորական թէ աշխարհական - պարտականութիւնը ունի Բարի Աւետիսը հռչակելու։''

Նոր աւետարանութեան նիւթին հետ կապուած է նաեւ Հաւատոյ Տարին որ Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձի ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի հրատարակման 20րդ տարեդարձներու առթիւ։''Եթէ այսօր եկեղեցին կ՛առաջարկէ Հաւատոյ Նոր Տարի մը ու վերաւետարանացում որովհետեւ այսօր եւս, աւելի քան 50 տարիներ առաջ, աւետարանցումի պահանջը կայ'' ընգծած էր Պենետիկտոս ԺԶ-ը։

2012 տարին հատկանշուեցաւ նաեւ ընտանիքի վերարժեւորման յանձնառումով որ միշտ աւելիով սպառնալիքի ենթարկուած է։Միլանոյի մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ընտանիքներուն ըսած էր ''դուք միակ ուժն էք որ կարող է աշխարհը յեղաշրջել''։Իտալիոյ մէջ կատարած հովուական այցելութիւններու շարքին Էր նաեւ հիւսիսային Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիայ կատարած ճամբորդութիւնը` սփոփանք տանելու ահաւոր երկրաշարժէն ցնցուած բնակչութեան։

2012 տարուայ ընթացքին Սրբազան Հայրը հրատարակեց նաեւ երկու ''իքնագիրեր'' մին` ''եկեղեցւոյ ողորմութեան'' մասին միւսը որ կը հիմնէ ''լատինականութեան քահանայապետական կաճառը''։ Ան ապա 7 նոր սուրբեր բարձրացուց խորաններու պատւոյն ու Սուրբ Յովհաննէս Տավիլան եւ Սրբուհի Իլտէկարտը հռչակեց ''Եկեղեցւոյ Վարդապետներ''։ Ստեղծեց նոր 28 կարդինալներ երկու կարդինական ընդհանուր ժողովներ քումարելով։

2012-ը եղաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի անձնական ցաւի, մտահոգութեան ու տառապանքի տարի մը ''վաթիլիքսի'' պատճառաւ որուն ընթացքին ձեռբակալուեցաւ ու դատապարտուեցաւ Նորին Սրբութեան սենեկապետ Բաոլօ Կապրիելէն եւ որուն Սրբազան Հայրը ներում շնորհեց Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին։

Պենետիկտոս ԺԶ-ը քաջութիւն եւ թափացնկութիւն պահանջեց նաեւ Վատիկանի դրամատան կառավարութեան համար։
Աւետարանի քարոզութեան եռանդը` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը մղեց` իր քահանայապետութեան շրջանի եօթներորդ տարուայ ընթացքին, մտնելու ''Թուային աշխարհի մէջ'' բանալով ''Թուիթթէրի'' իր անձնական ցանցը որ մէկ ամսուայ ընթացքին աւելի քան 2 միլիոն հտեւորդներ արձանագրեց։
Հուսկ Յիսուս Նոզովրեցի եռահատորի ''Յիսուսի Մանկութիւնը'' գիրգի հրատարակումը` նուէր մը բոլոր անոնց, հաւատացեալ թէ ոչ, որ ճշմրտութիւնը կը փնտռէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.