2012-12-28 12:09:20

Նիճերիոյ Մահմետական Կրօնապետ Մը Ու Բողոքական Պատուելի Մը Միատեղ Քարոզ Մը Արտասանած Են Խաղաղութեան Մասին։


ֆրանսական միջազգային Ռատիոն հաղորդած է որ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը Նիճերիոյ մէջ մահմետական կրօնապետ` Մոհամմէտ Աշաֆան եւ վերապատուելի Ճեյմս Ուեիէն միասին քարոզ մը արտասանած են Նիճերիոյ խաղաղութեան համար։
Երկու հոգեւորականները ճանչցուած են որպէս խաղարարներ, երկրի մը մէջ ուր կը տիրէ դաւանական բռնութիւնը։
Երեք տարի առաջ, երկուքը արժանացած են ֆրանսական Շիրաք նախագահի նուիուած խաղաղութեան մրցանակին, որուն արարողութեան մասնակցած էին ՄԱԿի եւ Ունեսքոյի ընդհանուր տնօրէնները։
Երկու հոգեւորականները անխոնջ կ'աշխատին միջդաւանական խաղաղութեան մշակոյթը զաարգացնելու Նիճերիոյ բնակչութեան մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.