2012-12-28 12:06:28

Կարդինալ Սարահի Մամլոյ Ասուլիսը Սուրիոյ Ողբերգրական Իրավաիճակին Մասին։


Ընդհարումները մը որ ոչ իսկ անմեղները կը խնայեն ։

Կարդինալ Ռոպեր Սարահ` նախագահը Վատիկանի ''գոր ունուն - մէկ սիրտ'' բարեսիրական մարմնին մամլոյ ասուլիս մը տուած է Սուրիոյ ողբերգական կացութեան մասին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ըսած է կարդինալը, Ս. Ծննդեան պատգամին մէջ խօսելով Սուրիոյ արիւնալի կացութեան մասին ըսաւ. ''ընդհարում մը որ ոչ իսկ կը խնայէ անմեղները եւ բազմաթիւ զոհեր կը պատճառէ։ Սուրիոյ ժողովուրդը երկար ժամանակէ կ'ապրի այս ողբերգութիւնը եւ կ'աղօթեմ որ շուտափոյթ քաղաքական լուծում մը գտնուի''։

Նշենք որ Սուրիոյ տեղական եկեղեցին, Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին, դրականօրէն նեցուկ կը կենան ու կը զօրակցին Սուրիոյ ժողովուրդին։ Կարդինալ Ռոպեր Սարահ` անձամբ Լիբանան այցելած էր ուր հանդիպում ունեցած էր սուրիացի գաղթականներուն հետ։ Այս ողբերգական ընդհարումի հետեւանքով աւելի քան 40 հազար հոգիներ զոհ գացած են եւ 2 միլիոն անհատներ երկրէն հեռացած են ապաստան գտնելով դրացի երկիրներու մօտ։

''Նման կացութեան առջեւ Եկեղեցին դրականօրէն ի՞նչ կարող է ընել'' հարցումին կարդինալը պատասխանած է. ''Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ Լիբանանը այցելած էր անցեալ սեպտեմբերին աղօթած էր ու խնդրած էր Սուրիոյ համար քաղաքական լուծումի որոշում մը, խաղաղութեան վերահաստատումին ի սպաս։ Սուրիոյ ողբերգական կացութիւնը կարող է խախտել այն դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը որ կը տիրէ Միջին Արեւելքին մէջ։
Իմ Լիբանան կատարած այցելութեանս ընթացքին - շարունակած է Ծիրանաւորը - խորապէս համոզուեցայ աղօթքի կարեւորութեան վրայ։ Սրբազան Հօր միջամտութիւնները վերջ դնելու ընդհարումին ամէնուն բացայայտ են։ Պատրերազմով, ենթակառոյցներու քանդումով ու կեանքերու փճացումով կարելի չէ լուծել երկրի ընկերա-քաղաքական հարցերը, այլ միայն երկխօսութեան ճամբով։ Եկեղեցին կը մաղթէ որ չի կրկնուին Իրաքի ուԼիպիոյ զինուորական ներգործութիւնները։ Պատերազմը լուծում մը չի կրնար ըլլալ։ Եկեղեցին կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը զոհերու ի նպաստ, անոնց նիւթական ու հոգեւոր բարիքը ապահովնցելու համար։ Օգնութիւն մը որ բաց է բոլորին, այնպէս ինչպէս կը սորվեցնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` ''Աստուած Սէր է'' շրջաբերական թուղթին մէջ։
Կարդինալը ապա ցաւով դիտել տուած է թէ ներկայիս երկրագունդին մէջ կան շուրջ 70 մարդկային տագնապներ, որոնք արդիւնքն են` պատերազմի, ընդհարումի ու բնական աղէտներու։ Եկեղեցին կանչուած է եղբայրօգնութեան նոր եղանակներ որոնելու օգնութեան հասնելու ոչ միայն կարօտեալին, այլ եւ տառապողին ու տկարին։
Հուսկ Կարդինալ Սարահ անդրադարձած պատերազմի ընթացքին անմեղ զոհերուն մասին։ Անոր գնահատումով անմեղները յաճախ կը շահագործուին զինուորական պատճառներու համար։ ''Յիսուսի ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան ի տես''- ըսած է կարդինալը եզրափակելով իր միջամտութիւնը - ''քրիստոնեաները կանչուած են գործով ու խօսքով իրենց եղբայրօգնութիւնը ցոյց տալու բոլոր մարդոց։''








All the contents on this site are copyrighted ©.