2012-12-28 12:25:56

Լախտար Իպրահիմիի Համաձայն՝ Սուրիոյ Հարցը Կարելի Է Լուծել Քանի Մը Ամիսէն։ Ռուսիա Կը Հրաւիրէ Ընդդիմութիւնը՝ Խախաղութեան Նոր Երկխօսութիւններու։


Դեկտեմբեր 27ին Սուրիա իր այցելութիւնը աւարտելով, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, թէ տագնապը կարելի է լուծել քանի մը ամիսէն, եթէ իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուին ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութեան իր առաջարկին:
Իպրահիմի ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը ծայրայեղական խմբաւորումներու չի զօրակցիր եւ բռնարարքներու դէմ է, կրկնելով, թէ դէպի Սուրիա զէնքի հոսքը պէտք է անմիջապէս դադրի:
Ան նաեւ հերքեց այն պնդումները, թէ ինք առաջ կը մղէ Սուրիոյ տագնապի լուծման ռուս-ամերիկեան ծրագիր մը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հերքեց այն լուրերը, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման ռուս-ամերիկեան ծրագիր մը գոյութիւն ունի: Մոսկուա նաեւ շեշտեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարումը չի կրնար տագնապի լուծման նախապայման մը դառնալ:
Ըստ Իպրահիմիի ծրագիրին՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներով կազմուելիք ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է ամբողջական իրաւասութիւններով լիազօրուած ըլլայ:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք, Իպրահիմի Դամասկոսէն Պէյրութ ճամբայ ելաւ, իսկ Շաբաթ օր Մոսկուա պիտի այցելէ: Միւս կողմէ Մոսկուայ հրաւիրեց Ընդդիմութիւնը Խաղաղութեան Նոր երկխօսութիւններու։
Հինգշաբթի 27 Դեկտեմբերին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Սուրոյ պատերազմը կը տեւէ 21 ամիսէ ի վեր,եւ զոհերու թիւը հասած էշուրջ 45 հազարի։

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդած է որ ռուսական նաւատորմիղը Սուրիոյ ծովափին մօտ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ռազմափորձեր կը կատարէ:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Թեհրան պիտի չարտօնէ «Սուրիոյ վրայ արտաքին լուծումներու պարտադրումը»՝ յոյս յայտնելով, որ հակառակ դժուար կացութեան, այս տագնապը կը լուծուի: Սալեհի ըսաւ, որ միջ-սուրիական երկխօսութիւնը Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումն է:
Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Յորդանան այցելած է եւ Սուրիոյ կացութիւնը քննած է Ապտալլահ Թագաւորին հետ: Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն՝ Թել Աւիվ կ՛առաջարկէ սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն վրայ անյապաղ յարձակում գործել:








All the contents on this site are copyrighted ©.