2012-12-28 12:30:23

Եգիպտոսի Ընդդիմադիր Ազգային Փրկութեան Ճակատը Հաստատեց, Որ Նախագահ Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը Լրջօրէն Պիտի Քննարկէ։


Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային Փրկութեան Ճակատը յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան հրաւէրին ամենայն լրջութեամբ պիտի վերաբերի` աւելցնելով, որ ճակատը «բոլոր այլընտրանքները եւ ներկայ քաղաքական կացութեան առնչութեամբ առաջարկուած նախաձեռնութիւնները քննարկած է եւ իր յառաջիկայ ժողովներուն ընթացքին պիտի շարունակէ այդ քննարկումը»:
Ճակատը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ ճակատի անդամ դէմքերը կը խոստանան շարունակել խաղաղ պայքարը սահմանադրութեան դէմ, որ ազգային համախոհութեան արդիւնքը չէ, Եւ թէ ընդհանուր ազատութիւնները, աղքատներու իրաւունքները եւ իգական սեռի քաղաքացիներուն իրաւունքները կը մսխէ:
Ճակատը իր խաղաղ պայքարը պիտի շարունակէ օգտագործելով ժողովրդավարական բոլոր միջոցները, ներառեալ` դատական հայց ներկայացնելու, ցոյցեր եւ նստացոյց կատարելու իրաւունքները:
Ազգային Փրկութեան Ճակատը վերահաստատեց Շուրայի խորհուրդի ներկայ կազմին իր մերժումը, ինչպէս նաեւ նախագահութեան նստավայրին մէջ որոշ ատենէ մը ի վեր տեղի ունեցող ոչ-լուրջ երկխօսութեան ընթացքին կաշառքներ եւ քաղաքական շահեր բաժնեկցելու քաղաքականութիւնը, որովհետեւ այդ երկխօսութիւնը նուազագոյն լրջութենէ զուրկ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.