2012-12-28 13:16:51

«Լիբանանի Պատմական Առաքելութիւնը Կ՛առաջադրէ, Որ Անիկա Չէզոք Մնայ»


Յայտարարեց Կարտինալ Ռայի
«Լիբանանի բնոյթը ըստ էութեան չէ փոխուած, եւ լիբանանցիներու մշակոյթին սկզբունքը համակեցութիւնն ու համախոհութիւնն է», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի կարտինալը երէկ` հոգեւոր հանդիպումի մը ընթացքին:
Լիբանանեան զանազան համայնքները ներկայացնող հոգեւոր կղերականներու պատուիրակութեան ներկայութեան արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ «2013-ը «Հանդիպումի տարի» պիտի կոչենք»: Շնորհաւորական այցելութեանց առիթով կայացած այս հոգեւոր հանդիպումին կարտինալ Ռայի յոյս յայտնեց, որ Լիբանան վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու եռուզեռը եւ վերամիանայ` խաղալով իրմէ ակնկալուած դերը այս Արեւելքին մէջ, եւ ըլլայ անոր խաղաղութեան ու կայունութեան ովասիսը: «Լիբանան չի կրնար առանցքներու մէջ մտնել, որովհետեւ անոր պատմական ու աշխարհագրական դերն ու դիրքը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական առաքելութիւնը չեն արտօներ նման քայլ ու կ՛առաջադրեն, որ անիկա ըլլայ յանձնառու` չէզոքութեան ու խաղաղութեան», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.