2012-12-26 11:11:21

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի Վերին իշխանութիւններուն հետ ունեցած, անցեալ ուրբաթ 21 դեկտեմբերի հանդիպումին ու այդ առթիւ Անոր արտասանած ճառին որ կեդրոնացած էր ''ընտանեկան'' կառոյցի կարեւր դերին մասին։
Արդարաւ Հայր Լոմպարտին իր խմբագրականը կը վերանգրէ ''Ընտանիք եւ Ճշմարտութիւն''։
Սրբազան Հօր Ճառը անցնող տարուայ հաշուեկշիռ մըն էր ու միեւնոյն ատեն մատնանշում կարեւոր ու հրատապ հարցերու։ Այս տարուայ երկու կարեւոր նիւթերն են ''ընտանիքը, այր ու կնոջ միութիւնը'' եւ ''երկխօսութիւնն ու Հաւատոյ փոխանցումը'' կը գրէ հայր ֆետերիքօ լոմպարտին։ Սրբազան Հայրը օրէնսդրական հարցերու մէջ չի մտներ այլ կը վերահաստատէ թէ այսօրուայ հրատապ հարցը հասկնալ է թէ ''Ո՞վ է մարդը''։ Այր ու կին երկուսուսթիւնը, մարդուն բնութեան մաս կը կազմէ։ Այս իրողութիւնը չընդունիլը ճշմարտութեան հակառակ է ու մարդկային իքնութեան կործանումին կը տանի։ Երկրորդ նիւթն ալ այժմէական կը մնայ ''քրիստոնեան երկխօսութեան մէջ կը մտնէ այնվստահութեամբ թէ ճշմարտութեան փնտռտուքը երբէք իր իքնութիւնը պիտի չի վտանգէ որովհետեւ ճշմարտութիւնը մեր սեփականութիւնը չէ այլ մեզ` Քրիստոսի նման, կ՛առաջնորդէ դէպի ակնաղբիւր։ Այս ալ ծննդեան մաղթանք կարելի է նկատել կ՛եզրափակէ հայր Լոմպարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.