2012-12-25 10:34:52

Փաքիստանի Քրիստոնեաները Համամիութենական Ծնունդ Մը Կ'ապրին Հետապնդելով` Խաղաղութիւն ու Ներդաշնակութիւն։


Լահորի դէմի տեղապահը` հայր Նիզարի մամուլին յայտնած է, որ առաջին անգամուան համար Փաքիստանի քրիստոնեայ չորս համայնքները ս. Ծնունդը կը տօնախմբեն կատարեալ միութեամբ։ Ի պատրաստութիւն ս. Ծննդեան կաթողիկէներն ու բողոքականները իննօրեայ աղօթքներ կատարեցին միասնաբար` ու նախաձեռնեցին զանազան համամիութենական հանդիպումներ զարգացնելու համար միջդաւանական երկխօսութիւնը ու ներդաշնակութիւնը։ Չորս համայնքներու պատասխանատուները Լահորի մէջ միատեղ սրբազան արարողութիւն կատարեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.