2012-12-25 10:26:03

Ս. Ծննդեան Իր Պատգամին Մէջ Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու


Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի նախագահէ Պքերքէի մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագին, որուն ներկայ պիտի գտնուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղեց Ս. Ծնունդի իր պատգամը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց Լիբանանի հակառակորդ քաղաքական ուժերուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին նախաձեռնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը առաջնորդել դէպի հանդարտ երեսփոխանական ընտրութիւններ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան` հոգատարութիւն ցուցաբերելու երկրին տնտեսութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն հեռու պահելու:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանն ու Արեւելքը խաղաղութեան կարիք ունին եւ ակնարկելով Պենետիկտոս ԺԶ. պապին ստորագրած «Առաքելական յորդոր»-ին դիտել տուաւ, որ Լիբանան ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան պատգամի երկիր մըն է եւ անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ այդ պատգամին ու յարգել զայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.