2012-12-25 10:03:57

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը


Ս. Ծննդեան աստուածապարգեւ առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ ուրախութեան Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Գաղատացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ աստուածային խոստումը.

,Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որպէսզի մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքըե (Գաղ. 4, 4 – 5)

Յիսուս երկինքէն իջաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ մեզի սորվեցնելու համար թէ ինչպէ՞ս իրարու հետ պէտք է ապրինք՝ սիրով, ներողամտութեամբ եւ իրարու բեռները շալկելով: Սակայն, այս ձեւով ապրելու համար, կը կարօտինք Աստուծոյ սիրոյն եւ Յիսուս Քրիստոսի նուիրումի ոգիին: Աստուած իր անհուն սէրը մեզի պարգեւեց Յիսուսի հրաշափառ ծննդեամբ: Յիսուս մեզի հաղորդեց որ Աստուած մեր հայրն է եւ ուստի` մեզի շատ մօտ է:
Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ սահման չունի: Ան կը լեցնէ սիրտը այն մարդուն, որ հաւատքով իրեն կը դիմէ: Աստուած կը սփռէ իր սէրը մեր սրտին մէջ, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, զայն ուրիշներուն փոխանցենք: Ով որ սէրը ուրիշներուն չի փոխանցեր, կը նշանակէ որ ինք՝ սէր չունի, որովհետեւ սիրոյ յատկանիշն է որ սփռուի, նման կրակին, որ չի կրնար չսփռել տաքութիւնը իր շուրջ:
Որքան որ Աստուած, եւ ոչ մեր անձը, մեր խօսակցութեան կեդրոնը կը գրաւէ, այնքան աւելի մեր հաւատքի փոխանցումը ուրիշներուն աւելի արդիւնաբեր պիտի ըլլայ, հակառակ մեր անձնական տկարութիւններուն: Ինչպէս Յիսուսին ապրելակերպը եւ Անոր խօսքը միացած էին, նոյնպէս մեր ապրելակերպը, եթէ հաւատքով եւ եղբայրասիրութեամբ միացած ըլլայ, լաւապէս պիտի արտայայտէ Յիսուսին սէրը: Լաւագոյն տեղը հաւատքը փոխանցելու համար ընտանիքն է, ուր ամէն անձ իր հարազատին պէտք է դառնայ նշան Աստուծոյ սիրոյն:
Աստուծոյ մասին խօսիլ կը նշանակէ ուրախութեամբ, համոզումով, եւ կեանքի վարքով ուրիշին հաղորդել ինչ որ էական է, այսինքն հաղորդել Յիսուսին սէրը, եւ ոչ անձնական կամ գեղեցիկ գաղափարներ: Արդարեւ, Յիսուս մեզ սիրեց մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը եւ արեան վերջին կաթիլը, լիովին մեզ սիրեց ու մեզի համար մեռաւ, բայց մանաւանդ՝ մեզի համար յարութիւն առաւ: Մեզ սիրելուն համար է որ Յիսուս հիմնեց Ս. Եկեղեցին, որպէսզի անոր անդամ դառնանք կազմելով Յիսուսին ընտանիքը եւ անոր միւս անդամներուն հետ միասին վերանորոգենք աշխարհը մեր կեանքի վկայութեամբ եւ անոր մէջ Աստուծոյ խօսքը տարածելով, որպէսզի աշխարհը դառնայ բոլորին համար խաղաղ եւ բնակելիք բնակավայր մը: Բայց արդեօք, դուք պատրաս՞տ էք ընդունելու Աստուծոյ սէրը եւ անոր պատգամաւորները դառնալու:
Այսօրուայ մարդոց հետ ինչպէ՞ս պէտք է խօսիլ Աստուծոյ մասին: Այնպէս պիտի խօսինք, ինչպէս Յիսուս խօսեցաւ Աստուծոյ մասին: Սակայն, Աստուծոյ մասին լաւ խօսելու համար Յիսուսի նման, պարտինք նախ Աստուած լաւ ճանչնալ: Ինչպէ՞ս լաւ ճանչնալ: Ամէն օր Ս. Գիրքը կարդալով, աղօթելով եւ բազմաթիւ սուրբերու կեանքին ծանօթանալով, որովհետեւ սուրբերուն կեանքը կ'արտայայտէ ապրուած հաւատքը եւ Ս. Աւետարանը զանազան կերպերով:
Չկայ սուրբ մը որ չէր աղօթեր: Օրինակ առէք Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ անոր սքանչելի Մատեան Ողբերգութեան աղօթագիրքը, որ մեր հայազգի զաւակները յաճախ կ'աղօթեն:
Չկայ սուրբ մը որ ներողամիտ չէ եղած: Քանի սուրբեր տեսակ տեսակ զրպարտութիւններուն զոհ եղան եւ սակայն՝ ներեցին:
Չկայ սուրբ մը որ չէ ունեցած ցաւեր եւ չարչարանքներ: Անթիւ օրինակներ ունինք մեր հայազգի զաւակներուն մօտ, որոնց կրած չարչարանքը եւ նահատակութիւնը անզուգական օրինակներ են մեզի համար:
Ուստի, Աստուծոյ մասին խօսիլ մեզմէ կը պահանջէ լուրջ պատրաստութիւն: Կը պահանջէ խոնարհութիւն, յարատեւ աղօթք եւ Աստուծոյ խօսքին առօրեայ ընթերցում եւ անոր մասին խորհրդածութիւն:
Ս. Պօղոս կ'ըսէ հռոմէացիներուն իրենց ուղղած թուղթին մէջ, որ ,Հաւատքը կու գայ քարոզութենէն, եւ քարոզութիւնը՝ Յիսուսի խօսքին աւետումն էե (Հռ. 10,17): Ասկէ կը հետեւցնենք, որ հաւատքը բոլորին ձեռնտու է: Ան կապ չունի ուսման հետ: Անգրագէտ եւ անուս ըլլալը արգելք չէ հաւատք ունենալու: Մեր մեծ հայրերէն եւ մեծ մայրերէն շատեր դպրոց չեն գացած, սակայն անոնք հաւատարիմ կերպով եկեղեցի կ'երթային, հոն կը լսէին Աստուծոյ խօսքն ու անոր կը հաւատային: Յաճախ անոնք աւելի հաւատաւոր եւ իմաստուն էին քան թէ շատ մը զարգացած մարդիկ:
Նոյնպէս, հաւատալու համար, պայման չէ որ անձը խելացի ըլլայ կամ յատուկ կարողութիւններով օժտուած ըլլայ: Պարզ մարդիկ երբեմն աւելի խոնարհ կ'ըլլան քան թէ շատ մը խելացիներ եւ բարձր պաշտօն ունեցող անձեր: Ս. Գիրքը յաճախ մեզի կը յիշեցնէ հետեւեալ խօսքը: ,Աստուած ամբարտաւաններուն կը հակառակի, իր շնորհքը կու տայ խոնարհներունե (Յակ. 4,6):
Խոնարհութիւն ըսել է ճշմարտութիւն:
Խոնարհ մարդը կ'ընդունի որ ինք տկար է, որ կրնայ սխալիլ, որ կրնայ իյնալ փորձութեան մէջ: Այս է ճշմարտութիւնը:
Խոնարհ մարդը գիտէ որ չի կրնար ապրիլ խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ ուրիշներուն հետ, նոյնիսկ իր հարազատներուն հետ, առանց ներողամտութեան ոգի ունենալէ:
Խոնարհ եւ համեստ մարդը ինքզինք չի գերադասեր միւսներուն վրայ:
Խոնարհ մարդը Աստուծմէ միայն կը սպասէ վարձատրութիւն եւ ոչ մարդոցմէ, որոնք իրեն պէս տկար են եւ կը սխալին: Ասոր համար, ան մարդոցմէ պատիւ փնտռող չէ:
Վերջապէս, խոնարհ մարդը կը հաւատայ եւ կը հետեւի Յիսուսի սա խօսքին. ,Սորվեցէ՛ք Ինծմէ, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ հանգիստ պիտի գտնէք ձեր հոգիներունե (Մտթ. 11,29): Կը ճանչնա՞ք արդեօք սուրբ մը որ հպարտութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ սրբութեան հասած ըլլայ: Անշուշտ ո՛չ:
Անպատճառ, եկեղեցի մտնելու ժամանակ, տեսած պիտի ըլլաք մանուկ Յիսուսը պառկած մսուրին մէջ: Գիտէք ի՞նչ է մսուրը: Մսուրը այն ամանն է որուն մէջ կը դնեն անասուններուն կերակուրը: Աստուածամայրը, ուրիշ տեղ չգտաւ եւ հոն դրաւ իր սիրասուն զաւակը՝ Յիսուսը, աշխարհին թագաւորը: Յիսուս չծնաւ պալատի մը մէջ, ինչպէս սովոր է մեծամեծներու զաւակներուն: Այսպէս ընելով, Յիսուս մեզի անմոռանալի դաս մը ձգեց խոնարհութեան մէջ, եւ ով որ Անոր հետեւի չ'իյնար ամբարտաւանութեան թակարդին մէջ:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Հաւատքի Տարիին ընթացքին, որ սկսաւ անցեալ 11 Հոկտեմբերին, մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր հաւատքին վկաներ ըլլանք մեր կեանքով եւ ո՛չ միայն խօսքով, հաւատք մը որ ամէն օր կը վերանորոգուի Ս. Գիրքի խօսքը լսելով, ինչպէս նաեւ երկիւղածութեամբ ու կանոնաւոր պահերով աղօթելով: Եւ ինչպէս որ ամէն օր կը սնուցանենք մեր մարմինը, եթէ ոչ մարմնապէս կը մեռնինք, նոյնպէս ալ, ամէն օր պարտինք սնուցանել մեր հոգին, Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով եթէ ոչ հոգեպէս կը մեռնինք:
Յոյժ սիրելիներ, ի՞նչ գեղեցիկ բան կրնանք մաղթել այս Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Լաւագոյն բանն է որ մարդացեալ Յիսուսը իր աստուածային սիրով աշխարհը լեցնէ՝ սիրով լեցնէ մեր սիրտերը, մեր տուները, մեր վարժարանները, մեր գործատեղիները, ամբողջ քաղաքը եւ երկիրը: Սիրով լեցնէ Հայաստանի, Արցախի ու Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը:
Թո՛ղ Յիսուս խաղաղութիւն հաստատէ ճակատամարտող ուժերու միջեւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, եւ յատուկէն՝ Սուրիա: Եւ թո՛ղ ամէն մարդ գիտնայ որ Յիսուսի Ծննդեան տօնը նշանն է, որ Աստուած ամէն մարդ կը սիրէ եւ թէ առանց անկեղծ սիրոյ՝ խաղաղութիւն չկայ եւ երջանիկ կեանք չկայ, այլ կայ միայն անարդարութիւն եւ մահ:
Թո՛ղ Յիսուսին ծնունդը իրականացնէ հարիւր հազարաւոր մարդոց այս գեղեցիկ մաղթանքը. ամէն:
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – Օրհնեալ է Յիսուսին Ծնունդը


… Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.