2012-12-24 12:19:12

Պէյրութի Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. «Կարկաչ» Ներկայացուց Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած Բազմալեզու Յայտագիր Մը


Կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Սոլիտեր»-ի նախաձեռնած` Պէյրութի հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ տարեկան փառատօնի ծիրին մէջ ներկայացուց «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ պատանեկան երգչախումբի ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի:
Զոքաք Էլ Պլաթի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին ընթացքին «Կարկաչ» ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած բազմալեզու երգերու յայտագիր մը: Երգչախումբին դաշնակի վրայ ընկերացաւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.