2012-12-24 11:02:16

Յիսուսի Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ Հայածէս Ձայնաւոր Պատարագ, Հռոմի Ս. Նիկողայոսի Անուան Եկեղեցւոյ Մէջ։


Երկուշաբթի 24 Դեկտեմբերին, ճրագալոյց Ս. Ծննդեան.
Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան Հայոց եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 17-ին սկիզբ կ՝առնեն մարգարէութիւններու ընթերցումները, որմէ ետք ՝ ժամը 18-ին հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագ։ Աւարտին եկեղեցւոյ կից գտնուող Շնորհալիի անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ շնորհաւորութիւններու փոխանակում եւ ընդունելութիւն։
Երեքշաբթի 25 Դեկտեմբեր. Տօն Ս Ծննդեան Տառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
Ս. Պատարագը ժամը 11-ին է որմէ ետք միշտ Լեւոնեան վարժարանի Շնորհալի դահլիճը տեղի կ՝ունենայ շնորհաւորութիւններու փոխանակում եւ հիւրասիրութիւն։
Իսկ 6 Յունուար 2013-ին Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ ԱստուաԾայայտնութեան Տօնին Առթիւ Ս Պատարագը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 10.30-ին այս առթիւ նաեւ տեղի կ՝ունենայ Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակի արարողութիւնը որմէ ետք Վարժարանի ճաշասրահը տեղի պիտի ունենայ աւանդական ագապը... որուն հրաւիրուած են ամէնքը, տօնական եղբայրական ուրախ օր մը անցնելու ու հայկական համադամներ ճաշակելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.