2012-12-23 12:30:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 23 դեկտեմբերի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին ուր կը խօսուի Աստուածամօր Եղիսաբեթին կատարած այցելութեան մասին։
Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած հատուածը յայտնելով որ հիւրնկալելով Մարիամը Եղիսաբեթը կ՛ընդունի թէ իրականացաւ Աստուծոյ խոստումը ''Օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ եւ օրհնուած է քու արգանդիդ պտուղը։ Որքան մեծ բարիք մըն է որ Տիրոջս մայրը ինծի կու գայ''։
Եղիսաբեթի ացելութեան այս դէպքը կ՛արտայայտէ նաեւ ''հիւրընկալութեան գեղեցկութիւնը'' հաստատեց Սրբազան հայրը ընգծելով թէ հոն ուր կայ ''ընդունելութիւն, ունկնդրութիւն եւ ուրիշի համար տրամադրութիւն, հոն կայ Աստուած ու Անոր հետ եկած ուրախութիւնը։'' Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները նմանելու Մարիամին այցելելութիւն կատարելով անոնց որ անհանգիստ կեանք մը կ՛ապրին, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն, տարեցներուն ու մանուկներուն։ Ու ապա յորդորեց ''Մարիամի նոյն ուրախութեամբ մենք եւս յառաջանանք դէպի Տէրը որ մեզի կու գայ։ Աղօթենք որ բոլոր մարդիկը փնտռեն զԱստուած։ Մարիամին, նոր ուխտի տապանակ, յանձնենք մեր սրտերը որպէսզի զանոնք դարձնէ արժանի` ընդունելու Աստուծոյ այցը ս. Ծնունդի խորհուրդին ընդմէջէն։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու անոնց մաղթելով շնորհաւոր ս. Ծնունդ ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.