2012-12-22 10:53:47

Սրբազան Քահանայապետի 2012-ի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւններու մասնակցողներու թիւը` 447 Հազար։


Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ` Օսսերվաթորէ Րոմանօն յայտարարած է թէ 2012 տարուայ ընթացքին Քահանայապետական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն մասնակցած են աւելի քան 447 հազար հաւատաեցեալներ, ըլլայ Վատիկանի, ըլլայ Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։
Հաւատաեցլներու ամէնաբարձր թիւը արձանագրուած է անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն` 90 հազար հաւատացեալի ներկայութեամբ։ Իսկ ամէնէ նուազագոյն մասնակցողներու թիւը կը վերաբերի օգոստոս ամսուայ 10,500 հաւատացեալներու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.