2012-12-22 10:44:21

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը հռչակուած է որպէս ''Աստուծոյ Ծառայ''։


Քայլ մը դէպի երանութիւն։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 20 դետկեմբերին, արտօնութիւն տուած է կարդինալ Անճելօ Ամադօյին` կառավարիչը` սուրբերու դատի ժողովին, հրապարակելու այն կոնդակը որով Պօղոս Զ Քահանայապետը` Ճովաննի Պատիսդա Մոնդինին, կը ճանչցուի որպէս ''Աստուծոյ Ծառայ'' ու կը ճանչցուին Անոր հերոսական առաքինութիւնները։ Յայտնենք որ Պօղոս Զ Քահանայապետ եղաւ 1963-1978 տարիներուն։
Երանելի հռչակուելու համար բաւարար է որ ''Աստուծոյ Ծառան'' Եկեղեցիէն ճանչցուած հրաշք մը գործած ըլլայ։ Խնդրարկու հայր Անթոնիօ Մարացոյի գնահատումով հաւանաբար Պօղոս Զ Քահանայապետը երանելի հռչակուի 2013-ին, հաւատքի տարւոյն առթիւ։
Նշենք որ Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբադասումի դատը սկիզբ առաւ 1993-ին։ Խնդրարկու հայր Անթոնիօ Մարացօ բժշկական դատախումբի քննութեան ենթարկած է մանուկի մը բուժումը, որուն բժիշկները ծանր կազմաւորումի մը ախտացոյց նշմարած էին նախքան ծնանիլը եւ խրատած են մայրիկին վիժում կատարել։ Մանուկին մայրը Պօղոս Զ-ի բարեխօսութիւնը խնդրած էր եւ մանուկը ծնած էր կատարեալ առողջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.