2012-12-22 10:56:28

Աւելի Քան 25 Միլիոն Եգիպտացիներ Այսօր Կը Վճռեն Սահմանադրութեան Նախագիծին Վերաբերող Հանրաքուէն


Եգիպտական 17 նահանգներու մէջ աւելի քան 25 միլիոն 495 հազար 237 եգիպտացիներ այսօր 6724 ընտրական կեդրոններ ուղղուելով կը մասնակցին նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէի երկրորդ ու վերջին հանգրուանին եւ կը վճռեն անոր արդիւնքը:
Եգիպտական ապահովական ուժերը, ներառեալ` բանակն ու ոստիկանութիւնը պատրաստուած են ապահովելու հանրաքուէի ընթացքին անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու զեղծումները: Անոնք ուսումնասիրած են հանրաքուէի առաջին հանգրուանին ներկայացուած բողոքները եւ աշխատանք պիտի տանին, որ օրին արձանագրուած դէպքերը չկրկնուին:
Միւս կողմէ, Իսլամ եղբայրներէն աղբիւրներ «Մասր Եոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամ եղբայրներուն եւ իսլամական հոսանքին ղեկավարները միջամտած են, որպէսզի ընդհանուր դատախազ Թալէաթ Իպրահիմը համոզեն իր հրաժարականը յետս կոչելու` նշելով, որ նախագահ Մոհամետ Մուրսի Իպրահիմի վրայ ճնշում բանեցուցած է, որպէսզի ան իր հրաժարականը յետս կոչէ:
Եգիպտական արդարադատական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Օքազ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նախատեսեցին, որ Եգիպտոսի արդարադատութեան նախարարը պիտի որոշէ ընդհանուր դատախազը իր պաշտօնին վրայ պահել եւ հրաժարականի յետս կոչումը վաւերացնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.