2012-12-22 11:09:04

«Սուրիահայերուն Գումարային Օգնութեան Յատկացումը Ողջունելի Է»


Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան օրեր առաջ յայտարարած էր, որ այս անգամ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը սուրիահայերուն պիտի օգնէ գումարով:
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ այս որոշումը կը նպաստէ սուրիահայերուն, եւ այսպիսով շատ աւելի անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ խնդիրներ կրնան լուծուիլ:
«Ես տեղեակ եմ այդ նախաձեռնութեան մասին, շատ ողջունելի է այդ որոշումը, որովհետեւ կան բաներ, զորս կարելի չէ փոխանցել օդանաւով: Այստեղ սուրիահայերը ունին վառելիքի հարց. բնականաբար, փայտ, մազութ կամ կազ չէին կրնար ուղարկել, իսկ երբ գումարը ըլլայ, ատիկա հաւասարապէս պիտի բաշխուի այստեղի հայերուն միջեւ, եւ անոնք ըստ անհրաժեշտութեան ատիկա կը ծախսեն: Եւ քանի որ հիմնական պակասը այստեղ վառելիքն է` վառելանիւթերը եւ նոյնինքն վառարանները, այդտեղէն նախաձեռնութիւնը, բնականաբար, վառարան չէր կրնար փոխադրել երկրէ երկիր, այդ պատճառով յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ «Օգնի՛ր եղբօրդ»-ի այս որոշումը», յայտնեց Ռէյիսեան:
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց. «Մենք այս ընթացքին բաւական շատ գումար յաջողեցանք հաւաքել: Ատիկա աւելի կը շատցնենք եւ տարեմուտին կ՛ուղարկենք Հալէպ»։ Գալստեան նշեց, որ դրամական միջոցը այս պահուն կը կազմէ 41 միլիոն 200.000 դրամ եւ 750 հազար ռուսական ռուպլի, որ համարժէք է 25.000 ամերիկեան տոլարին, եւ «բացի անկէ` մեր միջնորդութեամբ Գագիկ Ծառուկեան 100 հազար տոլար արդէն ուղարկած է Սուրիա: Մեկնելով սուրիահայերու կարիքներէն, նաեւ անկէ, որ դրութիւնը այնտեղ սարսափելի կերպով լարուած է, կայ օդանաւով տեղափոխելու հարց, խորհրդակցեցանք տեղւոյն շտապ օգնութեան կազմակերպութեան հետ, ուր ներառուած են համայնքը ներկայացնող կառոյցները, եւ աւելի նպատակայարմար գտանք նիւթական միջոցներ ուղարկել. կարիքները հոգալու համար -ըսաւ Լ. Գալստեան- այդ եղանակը շատ աւելի գործնական պիտի ըլլայ»,:
Ան նաեւ նշեց, որ պահեստներուն մէջ տակաւին բաւական կուտակուած սննդամթերք ունին, եւ զանոնք ալ մինչեւ տարեվերջ պիտի բաժնեն Հայաստանի մէջ հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: «Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ երեխաներուն անպայման ամանորեան նուէրներ պիտի ընենք, ես կը կարծեմ, որ յաջորդ տարի պիտի շարունակենք այսօրինակ օգնութիւնները: Եւ գումարի տեսքով առաջին օգնութիւնը պիտի ուղարկենք տարեմուտին», իր խօսքը եզրափակեց Լ. Գալստեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.