2012-12-21 13:06:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Յիսուսի Ծննդեան Մասին Յօդուածը Նիւ Եորքի ՜՜ֆինանսեալ Թայմզ՝՝ Շաբաթաթերթին Մէջ։


Քրիստոնեաներու յանձնառումը աշխարհի մէջ։
Նիւ Եորքի ՜՜ֆինանսեալ թայմզ՝՝ շաբաթաթերթը խնդրած էր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետէն որ յօդուած մը գրէ որով կը մեկնաբանէ վերջերս լոյս տեսած ''Յիսուսի Մանկութիւնը'' գիրքը։
Սրբազան Հայրը յօժարակամ ընդառաջեց այս խնդրանքին եւ ասիկա առաջին անգամը չէ։
Անցեալին BBC-ին էր, ուր Նորին Սրբութիւնը խօսած էր Յիսուսի Ծննդեան մասին, Անգլիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութենէն մի քանի ամիս ետք։ Նոյնպէս ան պատասխանած էր Աւագ Ուրբաթ Օրուայ խորհուրդին մասին հարցումին ուղղուած՝ Իտալական RAI հեռուստատեսիլի ''Անոր պատկերի նմանութեան'' յայտագրի կողմէ։
Նիւ Եորքի՝ ֆինանսեալ թայմզ շաբաթաթերթին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գրէ ՜՜Քրիստոնեաներու յանձնառումը աշխարհի մէջ՝՝նիւթին մասին։
''Տու'ր Կեսարին ինչ որ Կեսարի է եւ Աստուծոյ ինչ որ Աստուծոյ է'' եղաւ պատասխանը Յիսուսին երբ իրեն հարցուցին ՜՜տուրք վճառելու՝՝ մասին։ Հարցումը ուղղողներու նպատակը, բնականաբար, Զինք՝ (Յիսուսը) թակարդի մէջ ձգելն էր, եւ ճանչնալ անոր դիրքը հռոմէական բռնատիրութեան նկատմամբ Իսրայէլի վրայ, եւ միաժամանակ ճանչալ ՜՜եթէ Յիսուս իրապէս սպասուած Մեսիան է՝՝, այդ պարագային հակառակ պէտք էր արտայայտուիլ հռոմէացիներու բռնատիրութեան։ Յիսուսի պատասխանը անկնկալ եղաւ, ան զգուշացուց ընդդէմ կրօնքի քաղաքականացումին ու ժամանակաւոր իշխանութեան աստուածացումին։ Անոր ունկնդիրները պէտք էին հասկնալ որ Մեսիան Կեսարը չէր եւ Կեսարը Աստուած չէր։ Յիսուսի հաստատած թագաւորութիւնը շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ է, ինչպէս պատասխանած էր Պիղատոսին. ''իմ թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ''։
Նոր Կտակարանի Ծննդեան պատմուածքները կը նպատակադրեն արտայայտել նման օրինակ պատգամ մը։ Յիսուս ծնաւ աշխարհի մարդահամարի ժամանակ հրահանգուած Օգոստոս Կայսրէն, նշանաւոր կայսրը որ գիտցաւ ''Հռոմէական Խաղաղութիւնը'' պարտադրել հռոմէական տիրապետութեան տակ գտնուող հողին վրայ։ Եւ սակայն այս մանուկը (Յիսուս) ծնած՝ անծանօթ շրջանի մը մէջ, աշխարհին պիտի տայ աւելի մեծ խաղաղութիւն մը, ՜՜Տիեզերական խաղաղութիւնը՝՝։ Ան եկաւ աշխարհ ազտագրելու ցմիշտ մեղքի ու մահուան տիրապետութենէն։
Յիսուսի Ծնունդը մարտահրաւէր մըն է խորհելու մեր առաջնութիւններուն, արժէքներուն եւ ապրելակերպին վրայ։ Յիսուսի Ծնունդը վստահաբար ժամանակն է ուրախութեան, խորհրդածութեան ու խիղճի քննութեան։
Այս տարի շատերուն համար եղաւ տնտեսական զրկումի տարի, աւարտին , ի՞նչ կարող ենք սորվիլ մսուրի խոնարհութենէն, աղքատութենէն եւ պարզութենէն։
Ծնունդը ժամանակն է կարդալու Աւետարանը, ճանչնալու Յիսուսը ոչ որպէս Մսուրի Մանուկը, այլ Ան որու մէջ կը ճանչնանք մարդացեալ Աստուածը։
Քրիստոնեաները Աւետարանին մէջ կը գտնեն ներշնչումը, իրենց կեանքին համար ամէն օր ու նաեւ աշխարհի հարցերուն։ Քրիստոնեաները պէտք չէ աշխարհէն փախչին, ընդհակառակն պէտք է մասնակցին քաղաքական ու տնտեսական կեանքին, գերազանցելով գաղափարախօսութիւնները։
Քրիստոնեաները կը պայքարին աղքատութեան դէմ, որովհետեւ աղքատութիւնը հակառակ է անհատի գերագոյն արժանաւորութեան։ Անոնք կը ներգործեն բնական հարստութիւններու հաւասար բաժանումի ի խնդիր, համոզուած՝ որ պէտք է օգնութեան հասնին տկարին ու անկարին։ Քրիստոնեան հակառակ է ընչաքաղցութեան ու շահագործումի, համոզուած ըլլալով որ վեհանձնութիւնը սիրոյ մէկ ներգործութիւն մըն է, որ քրիստոնեային սորվեցուցած է ու ապրած Նազովրացի Յիսուսը, եւ մեզ կ'առաջնորդէ կեանքի լիութեան։ Քրիստոնէական հաւատքը կը խթանէ հաւատացեալը աշխատելու բոլոր մարդոց խաղաղութեան ու արդարութեան համար։
Քրիստոնեաները Կեսարին կու տան այն ինչ որ Կեսարին է, եւ ոչ` այն ինչ որ կը պատկանի Աստուծոյ։ Դարերու հոլովոյթին քրիստոնեաները մերժեցին ընդառաջել Կեսարին խնդրանքին, մերժեցին պաշտամունք կատարել կայսեր. Կայսրը աշխատեցաւ Աստուծոյ տեղը առնել։ Երբ քրիստոնեաները կը մերժեն գլուխ ծռել չաստուածներու ու գաղափարախօսութիւններուն առջեւ, անոնք այդ կը կատարեն ոչ թէ որովհետեւ ՜՜ոչ յառաջադէմ՝՝ տեսութիւն մը ունին աշխարհի մասին, այլ պարզապէս որովհետեւ անոնք ՜՜ազատագրուած են գաղափարախօսութեան կապերէն եւ ոգեւորուած մարդկային ճակատագրի բարձր տեսութենէն, որ կը մերժէ կաշկանդող փոխզիջումը՝՝։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ որ, Իտալիոյ մէջ, մսուրներու խորքը միշտ զարդարուած է հռոմէական աւերներով։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Մանուկ Յիսուսի ծնունդը կը մատնանշէ հին կարգի վերջը` հեթանոսական աշխարհի վերջը, ուր անկարելի կը թուէր ըլլալ Կեսարի պահանջներու մերժումը։ Այժմ կայ նոր թագաւոր մը, որու ոյժը հիմնուած չէ զէնքի վրայ, այլ սիրոյ զօրութեան վրայ։ Ան հետը կը բերէ յոյսը բոլոր անոնց, որ Իրեն նման, կ'ապրին ընկերութեան կողքին։ Ան Յոյս կը բերէ կարօտեալներուն։ Մսուրէն, Քրիստոս մեզ կը կանչէ ապրելու որպէս քաղաքացիները երկնային թագաւորութեան. թագաւորութիւն մը՝ որ բարի կամք ունեցող ամէն անհատ կարող է նպաստել անոր կերտումին, ՝՝հոս՝՝ երկրի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.