2012-12-21 13:06:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ընդունեց` Վատիկանի Վերին Վարչութեան Անդամները։


Ուրբաթ 21 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի ''Րէտէմբթորիս Մաթէր'' մատրան մէջ մասնակցեցաւ ''Սուրբ Ծննդեան'' տօնի առթիւ կատարուած պատրաստական քարոզներու երրորդ ու վերջին նիստին, զոր կատարեց քահանայապետական տան քարոզիչը հայր Րանիէրօ Քանդալամեսսան եւ որ այս տարուայ համար որպէս նիւթ ընտրած է , Ղուկասի աւետարանէն 4 գլուխէն, 19րդ համարը '''Տիրոջ Շնորհքի Տարին''։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 11-ին Գլեմենթինա Սրահին մէջ ընդունեց Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամները, Սուրբ Ծննդեան ու ամանորի բարեմաղթութիւններու փոխանցումին առթիւ։ Իսկ յետ միջօրէի ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը։

Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ ըսաւ` ''Ծննդեան այս օրերուն եկեղեցին յաճախ կը կրկնէ. Տէրը մօտ է եկէք Անոր երկիրպագանենք։''
Սրբազան Հայրը այս բառերով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Վատիկանի կառավարութեան աւագ պատասխանատուներուն, որոնք իրենց կարգին եկած էին Սրբազան Քահանայապետին փոխանցելու իրենց շնորհաւորութիւնները։

''Մենք որպէս մէկ ընտանիք - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը - կը պատրաստուինք երկիրպագելու Բեթղեհէմի քարայարի մէջ ծնած այն Մանուկին որ նոյնինքն Աստուածն է։ Այս առթիւ իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ ձեր բոլորին, ձեր վեհանձն ու որակեալ համագործակցութեան համար։''
Կը գտնուինք տարուայ վերջը` Եկեղեցին եւ աշխարհը ապրեցան բազմաթիւ խռովալի դէպքեր ու մարտահրաւէրներ, ու նաեւ յոյսի նշաններ։
Յիշեմ Մեքսիքա եւ Գուպա կատարած այցելութիւնները, որ առիթ տուին հաւատքի մեծ ապրումի։ Միլանոյի մէջ ընտանիքի տօնախմբութիւնը։ Լիբանանի այցելութիւնը, որուն ընթացքին յանձնումը կատարուեցաւ առաքելական յորդորագիրի` որպէս ուղղութիւն հաւատքի ապրումի միութեան ու խաղաղութեան մէջ, հուսկ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը նոր աւետարանութեան նիւթին մասին, սկիզբ տալով Հաւատքի Տարւոյն` Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս բոլոր առիթներու ընթացքին շօշափուեցան հիմնական նիւթեր ինչպէս Ընտանիքը, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ, միջկրօնական երկխօսութիւնը, Աւետարանի վերաքարոզութիւնը։
Աւետարանի քարոզութիւնը ազդու կը դառնայ, հոն ուր մարդը տրամադրութիւն ցոյց կու տայ Աստուծոյ մօտենալու։
''Եկէք եւ տեսէք'' Յիսուսի այս խօսքը ուղղուած Տէրը փնտռող երկու աշակերտներուն, ուղղուած է այսօրուայ մարդուն։
Այս տարւոյն աւարտին մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Եկեղեցին հակառակ իր տկարութեան, միշտ աւելի ճանաչելի դառնայ որպէս բնակարանը Տիրոջ։ Մեր հայացքը ուղղենք Տիրոջ մինչ կ'ընթանանք Աստուծոյ տունը, որպէսզի մեր կարգին համոզուած կոչենք. ''Գտանք Ան, որուն համայն աշխարհը կը սպասէ` Յիսուս Քրիստոսը, ճշմարիտ Աստուած ու ճշմարիտ մարդ։ Այս տրամադրութեամբ սրտանց կը մաղթեմ բոլորիդ շնորհաւոր ս. Ծննունդ ու երջանիկ Ամանոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.