2012-12-21 11:43:22

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՄԱՐԴԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ԻՐ ՊԱԿՏԵՐԻՆ ԵՒ ՆՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ


Նախորդ խորհրդածութեան մէջ ըսինք թէ Աստուած հաստատեց աշխարհը եւ իր հրամանով դրաւ տիեզերքի կեդրոնը: Ամէն ինչ իր Իմաստութեամբ եւ մեծ սիրով սահմանեց: Բարձրացուց լեռներ, փորեց ձորեր եւ որպէսզի աշխարհը չընկլուզուէր, սահմաններ դրաւ ծովուն շուրջ: Ապա աշխարհը հագցուց եւ զարդարեց ամէն տեսակ ծառերով, բոյսերով եւ ծաղիկներով : Զայն լեցուց ամէն տեսակ կենդանիներով, ինչպէս նախապէս ըրած էր ծովուն եւ օդին համար:
Վերջապէս կազմեց մարդուն մարինը երկրիս հողէն եւ իր զուտ բարութեան մէկ արդիւնքով անոր շնորհեց անմահութեան եւ անչարչարելիութեան պարգեւները, որոնք էապէս կապուած չէին անոր բնութեան: Գալով հոգւոյն, զայն ըրաւ իր ՊԱՏԿԵՐԻՆ ԵՒ ՆՄՆԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ (Ծննդ. Ա, 26): Հետեւաբար, Մարդը Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համեմատ ստեղծուած ըլլալով, ան տեսանելի արարչութեան գագաթնակէտն է։
Ըսելը թէ՝ մարդը Աստուծոյ պատկերին համեմատ ստեղծուած է, կը նշանակէ թէ մարդը ատակ է իր ստեղծիչը ճանչնալու եւ զայն ազատակամօրէն սիրելու։ Մարդը երկրիս վրայ միա՛կ արարածն է, զոր Աստուած նոյնինքն մար-դուն համար ուզեց եւ ճանաչումի եւ սիրոյ ճամբով՝ զայն Իր աստուածային կեանքին մասնակցելու կանչեց։ Մարդը ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած ըլլալուն համար՝ անձ ըլլալու արժանապատուութիւնը կը վայելէ։ Մարդը առարկայ մը չէ, այլ մէկը՝ որ կարող է ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք ազատակամօրէն նուիրել եւ Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ հաղորդակցութիւն հաստատել։
Աստուած ամէ՛ն ինչ մարդուն համար ստեղծեց, իսկ մարդն ալ՝ որպէսզի ան Աստուա՛ծ ճանչնայ, Անոր ծառայէ, Զայն սիրէ, այս աշխարհիս մէջ արարածները Անոր նուիրէ իբր գոհաբանութիւն, իսկ երկինքի մէջ Աստուծոյ կեանքին արժանանայ։ Մարդուն խորհուրդը միայն մարմնացեալ Բանին խորհուրդին մէջ իր իսկական լուսաւորումը կը գտնէ։ Մարդը նախասահմանուած է իր մէջ վերարտադրելու Աստուծոյ մարդացեալ Որդիին պատկերը, որ նոյնինքն «անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է» կատարեալ (Կող 1, 15)։
Մարդկային անձը՝ թէ՛ մարմնաւոր թէ՛ հոգեւոր էակ մըն է։ Մարդուն մէջ հոգին եւ մարմինը մէկ բնութիւն կը կազմեն։ Այս միութիւնը այնքան խոր է, որ շնորհիւ հոգիին հոգեւոր բնոյթին՝ մարմինն անգամ որ նիւթական է, կը դառնայ մարդկային եւ կենդանի մարմին եւ կը մասնակցի Աստուծոյ պատկերին արժանապատուութեան։
Մարդուն աննիւթական հոգին անոր ծնողներէն չի գար, այլ ուղղակիօրէն Աստուծմէ կը ստեղծուի եւ ան անմահ է։ Հոգին, մարմինէն մահով անջատուելէն ետք, չի մեռնիր։ Ան պիտի վերամիանայ մարմինին վերջին յարութեան պահուն։
Մարդն ու կինը Աստուծմէ ստեղծուեցան համահաւասար արժանաւորութեամբ՝ որպէս մարդկային անձեր, ինչպէս նաեւ զիրար փոխադարձաբար ամբողջացնողներ՝ որպէս այր եւ կին։ Աստուած զանոնք մին միւսին համար կամեցաւ, անձերու փոխմիաւորումով։ Անոնք կանչուած են նաեւ մարդկային կեանքը միասնաբար փոխանցելու, ամուսնութեան միջոցով կազմելով «մէկ մարմին» (Ծնդ 2, 24) եւ երկրին տիրելու որպէս Աստուծոյ «տնտեսներ»։
Աստուած այրն ու կինը երբ ստեղծեց, Իր իսկ աստուածային կեանքին յատուկ կերպով մասնակից դարձուց, սրբութեան եւ արդարութեան ճամբով։ Ըստ Աստուծոյ նախածրագրին, մարդը ո՛չ չարչարուելու էր, ո՛չ ալ մեռնելու էր։ Մարդուն մէջ կատարեալ ներդաշակութիւն կը տիրէր նախ ինքնիր անձին մէջ, ապա Արարիչին եւ արարածին միջեւ, ապա այր մարդուն եւ կնոջ միջեւ, ինչպէս նաեւ առաջին մարդկային զոյգին եւ ամբողջ արարչութեան միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.