2012-12-21 13:55:14

Իտալիոյ Աստուածաբանական ՜՜Լատերան՝՝ Համալսարանի Կաճառի Տնօրէնի Այցը Պէյրութի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7-ին, Իտալիոյ Լատերան համալսարանի աստուածաբանական կաճառի տնօրէն Տելգովոլօ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Սաժէս համալսարանի աստուածաբանական բաժնի տնօրէնին, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։
Հանդիպման ընթացքին, Լատերան համալսարանի աստուածաբանական կաճառի տնօրէնը ծանօթացաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու գործունէութեան, ապա յանձնեց տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի իրաւագիտութեան մասնագիտական վկայականը։ Աւարտին, հիւրերը մասնակցեցան ընթրիքի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։











All the contents on this site are copyrighted ©.