2012-12-21 11:17:42

Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքին Պատգամը Սուրիոյ Ազգային Հաշտութեան Ի Խնդիր


Անտիոքի Յոյն կաթողիկէներու Պատրիարքը Գրիգոր Գ Լահամ` Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պատգամ մը ուղղած է Սուրիոյ հաւատացեալներւն ու բարի կամք ունեցող մարդոց։
''Յիսուսի Ծնունդը հրաւէր է հաշտութեան հակառակ բազմաթիւ տառապանքին, զարհուրանքի, մահուան, աւերումի, գաղթականութեան ու սեփական ոճախներէն հեռացումին ։ Հարկաւոր է հնչեցնել հրեշտակներու երգն ու պատգամը խաղաղութեան յոյսի'' կը գրէ Անտիոքի Յոյն կաթողիկէներու պատրիարը ծննդեան իր պատգամին մէջ։
Արաբական գարնան ճշամրիտ արժէքները պէտք են ըլլալ, խաղաղութիւն, երկխօսութիւն ու փոխադարձ յարգանք։ Դժբախտաբար արաբական աշխարհին մէջ կը տիրեն ատելութեան, ոխակալութեան, եսապաշտութեան եւ արիւնահոսութեան զգացումներ, որոնց առաջին զոհերն են մանուկները։
Պատրիարքը կը հրաւիրէ ապա սուրիացիները որ փնտռեն հաշտութիւնը ոչ բռնութեան ճամբաներով, այլ կլոր սեղանին շուրջ նստելով սուրիացիներու բարիքին համար։ Գիրգոր Գ լահհամ Պատրիարքը իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ քրիստոնեաները աղօթելու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան, անդորրութեան ու բարօրութեան համար ու յատուկէն աղօթք ու մաղթանք կը յայտնէ Լիբանանի, Յորդանանի եւ Պաղեստինի բնակիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.