2012-12-21 13:22:07

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին Հետ


Չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին` Պալամանտի վանքին մէջ, եւ շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը: Վեհափառը յայտնեց, որ յատուկ բարեկամական կապեր ու սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ եւ յոյս յայտնեց, որ նորընտիր պատրիարքին օրով վերանորոգ թափով շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ որեւէ ժամանակէ աւելի Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն դիմաց քրիստոնեայ համայնքներ կոչուած են աւելի խորացնելու իրենց գործակցութիւնը: Նորընտիր պատրիարքը իր կարգին յայտնեց, որ ամբողջութեամբ կը բաժնէ վեհափառ հայրապետին մօտեցումները եւ ինք ու իր եկեղեցին յանձնառու կը մնան բոլոր եկեղեցիներուն հետ գործակցելու` ի խնդիր քրիստոնէական ներկայութեան եւ վկայութեան աւելի հզօրացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.